Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեանը Ներկայացուցած է Յեղափոխութեան Կատարուած Նուիրատուութեան Հաշուետուութիւնը

Փաշինեանը Ներկայացուցած է Յեղափոխութեան Կատարուած Նուիրատուութեան Հաշուետուութիւնը

by MassisPost

ՀՀ  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան էջի վրայ հրապարակած է յեղափոխութեան կատարուած նուիրատուութիւններու՝ նախնական-ամբողջական հաշուետուութեան ցանկը:

Մասնաւորապէս, ան հրապարակած է 49 լուսանկար, ուր նուիրատուներու անուն-ազգանուններն են, գումարներու չափն ու արժոյթը: Ըստ այդմ, ամենամեծ նուիրատուութեան չափը կը կազմէ 5 միլիոն դրամ: Նուիրատուութիւն կատարուած է տարբեր երկիրներէն՝ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն եւրոպական այլ երկիրներէն:

Ընդհանուր առմամբ՝ ստացուած նուիրատուութիւնները կը գերազանցեն 126 միլիոն դրամը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment