Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ապամենաշնորհացումը Հայաստանի Տնտեսական Աճի Հզօր Խթան կը Դառնայ. ՎԶԵԲ Տարածաշրջանային Տնօրէն

Ապամենաշնորհացումը Հայաստանի Տնտեսական Աճի Հզօր Խթան կը Դառնայ. ՎԶԵԲ Տարածաշրջանային Տնօրէն

by MassisPost

Միջազգային տնտեսական ազդեցիկ հաստատութիւններէն մէկու՝ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունի Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի գծով տնօրէն Ֆրէնսիս Մալիժը յայտարարած է՝ հայաստանեան տնտեսութեան մէջ բազմաթիւ են մենաշնորհները, եւ ապամենաշնորհացումը Հայաստանի տնտեսական աճի հզօր խթան կը հանդիսանայ:

«Ընդհանուր առմամբ, մենաշնորհը վատ բան է, որովհետեւ այդ կը նշանակէ՝ մարդիկ շատ պիտի վճարեն: Եթէ մենաշնորհ կայ միրգերու ներմուծման ոլորտի մէջ, պէտք է թանկ վճարէք այդ միրգերու համար: Մենաշնորհները գերշահոյթ կը ստեղծեն մենաշնորհներու տէրերու համար եւ լրացուցիչ ծախսեր՝ միւսներու համար: Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ կան բազմաթիւ մենաշնորհներ, եւ ապամենաշնորհացումը մենք կը համարենք տնտեսական յետագայ աճի հզօր խթան: Ո՞վ կը ցանկանայ մրցիլ մենաշնորհներու հետ, մարդիկ կը նախընտրեն արտագաղթել»,- ըսած է Ֆրէնսիս Մալիժը:

«Ազատութեան» հարցին՝ քննարկա՞ծ էք արդեօք մենաշնորհներու խնդիրը Հայաստանի նախկին կառավարութեան հետ Մալիժը արձագանգած է․ «Մենք քննարկած ենք այս հարցը նախկին կառավարութիւններու հետ: Ընդհանուր պատասխան կը ստանայինք, թէ՝ այո, այդ հարցը կարեւոր է, մենք պէտք է ինչ-որ բան ընենք, սակայն այդ դժուար է լուծել»:

ՎԶԵԲ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչի խօսքով, յեղափոխութենէն յետոյ սփիւռքահայ ներդրողներու մօտ վերստին հետաքրքրութիւն առաջացած է հայաստանեան տնտեսութեան նկատմամբ: «Ընդհանուր առմամբ, դեռ շուտ է ըսել՝ ինչ ազդեցութիւն կը ձգէ յեղափոխութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Կը կարծեմ՝ այն, որ տեղի ունեցաւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցում, նշանակալի իրադարձութիւն էր․ ողջ աշխարհը կը հետեւէր Հայաստանին եւ ականատեսը եղաւ խաղաղ իշխանափոխութեան, որ ձեռքբերում է եւ կը խօսի հայաստանեան հանրութեան, ժողովրդավարական հիմնարկներու հասունութեան մասին: Կը տեսնէք, որ ի յայտ եկած են մարդիկ, որոնք յստակօրէն խօսած են փտածութեան դէմ պայքարի, տնտեսութեան ապամենաշնորհացման մասին: Ասոնք լաւ բաներ են: Տեսնենք, թէ ինչպիսի գործողութիւններ կ’ըլլան»,- նշած է Ֆրէնսիս Մալիժը:

Վերջինիս ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Մալիժը հաւաստիացուցած է՝ դրամատունի հայաստանեան ծրագրերը պիտի շարունակուին: «Կը սպասեմ, որ լաւ տարի պիտի ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան համար: Կը տեսնեմ՝ ոգեւորութիւն, խանդավառութիւն կայ հայաստանցիներու մօտ: Այստեղ տնտեսութեան մէջ որեւէ ցնցում չնկատուեցաւ, այնպէս, ինչպէս, օրինակ՝ Ուքրանիոյ մէջ, երբ քանի մը տարի առաջ այնտեղ իշխանափոխութեան, ապա պատերազմի հետեւանքով տնտեսութեան մէջ ցնցումներ արձանագրուեցան: Հայաստանի պարագային կը տեսնեմ, որ մարդիկ պատրաստակամ են ներդրումներ կատարելու»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment