Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարիւրամեակը Առանց Նախկին Ռեժիմին

Հարիւրամեակը Առանց Նախկին Ռեժիմին

by MassisPost

Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ Ժիրայր Սեֆիլեան եւ իր համախոհները «հարիւրամեակը  առանց ռեժիմի » կարգախօսով բողոքի գործողութիւններ ձեռնարկեցին Հայաստանի տարածքին: Այդ շարժումը չկարողացաւ մեծ թափ հաւաքել ու աւարտեցաւ, 2015-ի Ապրիլին  Սեֆիլեանի ձերբակալութեամբ ու բանտարկութեամբ:

Այն ինչ որ չյաջողեցաւ Սեֆիլեանին  Նիկոլ  Փաշինեան կարողացաւ իրականցնել` համաժողովրդային յեղափոխութեան  միջոցաւ ու  Մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակը նշուեցաւ առանց նախկին ռեժիմի մասնակցութեան: Սակայն, մեկնող  ռեժիմը տակաւին չընդունիր իր պարտութիւնը եւ յամառօրէն կը պնդէ, որ իրենք  իշխանութիւն են Խորհրդարանէն ներս եւ ընդդիմութիւն անկէ դուրս: Այս տրամադրութեամբ ալ անոնք կը բողոքեն, որ 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն  Խորհրդարանի ղեկավարութիւնը  պատշաճ ձեւով չէ հրաւիրուած   ու անտեսուած է Ազգային Ժողովի նախագահի մասնակցութիւնը պաշտօնական արարողութիւններուն`  վարչապետի, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողքին:

Պետական պաշտօնեաներուն յատկացուած տեղերը կրճատելով, անոնց փոխարէն հրաւիրուած էին Մարտի մէկի զոհերու հարազատները, քառօրեայ պատերազմի նահատակներու ծնողները եւ Արցախեան հերոսամարտի հաշմանդամ զինուորները, այսպիսով արժանի յարգանք  մատուցելով անոնց, որոնք շատ աւելին տուած են իրենց հայրենիքին, քան նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները:

Հանրապետականները չեն ուզեր հաշտուիլ Հայաստանի այսօրուայ նոր իրողութեան հետ, ուր իրենց համար տեղ չկայ այլեւս: Խորհրդարանը, Երեւանի քաղաքապետարանը, դատախազութիւնը տակաւին իրենք ձեռքերուն մէջ պահելով,  անոնք վերադարձի յոյսեր կը փայփայեն: Յեղափոխութեան  խաղաղ  բնոյթը  ու վրէժխնդրութեան բացակայութիւնը սխալ կ’ընկալուին անոնց կողմէ: Հայաստանի յաղթանակած ժողովուրդը  պատրաստ չէ համակերպելու եւ կամ հանդուրժելու  զուգահեռ վարչակարգի մը գոյութիւնը` իր կողմէ ձեւաւորուած իշխանութեան կողքին:

Վստահ ենք, որ   նոր  իշխանութիւնները պիտի առնեն անհրաժեշտ քայլերը, որպէսզի երկիրը ամբողջութեամբ ձերբազատուի   հանրապետականներէն ու հարիւրամեակի տարին իր լրումին հասնի իսկապէս առանց նախկին ռեժիմին:

«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment