Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Դոկտ. Ներսէս Գօբալեանի Ելոյթը Հայաստանի Այժմու Ընկերային Զարգացման Մասին

Դոկտ. Ներսէս Գօբալեանի Ելոյթը Հայաստանի Այժմու Ընկերային Զարգացման Մասին

by MassisPost

Անցնող Հինգշաբթի Մայիս 17, 2018, Կլենտէյլ քաղաքի գրադարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ իր բնոյթով ինքնատիպ եւ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր վերլուծութիւն  «Հայաստանի այժմու ընկերային զարգացման մասին»:

Շրջանիս Ս.Դ.  Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ կազմակերպուած յիշեալ միջոցառումի հովանաւորն էր Կլենտէյլի գլխաւոր գրադարանի վարչութիւնը:

Գրադարանի պատասխանատուներէն Էլիզապէթ Գրիգորեան, իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող ընտրանի հասարակութիւնը եւ անհատ անձնաւորութիւնները: Ան ըսաւ թէ գրադարանի արուեստի եւ մշակոյթի բաժանմունքը`  նման միջոցառումներով, կը միտի հանրութեան ծանօթացնել համաշխարհային մակարդակի վրայ շահեկան նկատուող նիւթեր:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հանդիսավարն ու համադրողը Հայկական Համաժողովի Գալիֆորնիոյ Գրասենեակի տնօրէն Միհրան Թումաճանը: Իր տուած կենսագրական ծանօթութիւններէն իմացանք որ Դոկտ. Ներսէս Գօբալեան Լաս Վեկասի Նեվատա Համալսարանին քաղաքական գիտութիւններու դասախօս է:  Իր մասնագիտութեան ծիրին մէջ ընդգրկուած է միջազգային յարաբերութիւններ, քաղաքական տեսութիւնը, առարկութեան կառուցուածք,  փիլիսոփայական գիտութիւն: Հեղինակ է քանի մը ուսումնասիրութիւններու:  Ներկայիս հետազօտական աշխատանք կը տանի քաղաքական բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը եւ անոնց մեծ ազդեցութիւնը հոսանքներու յարաբերութեանց վրայ, Կովկասն ու Եւրասիան եւ ալ բնագաւառներ: Ներկայիս փոխ ատենապետն է Լաս Վեկասի Հ.Բ.Ը. Միութեան:

Յարգելի դասախօսը ընդգծեց Հայաստանի այժմու վարչակարգի վերջին տասնամեակի ընթացքին արձանագրած բազմատեսակ բացթողումները, որոնք պատճառ դարձած են երկրի տարբեր ոլորտներու մէջ արձանագրուած ոչ ցանկալի արդիւնքներու եւ զանգուածային դժգոհութիւններու: Դոկտ. Ն. Գօբալեան շեշտեց գործազրկութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի ահաւոր վիճակի տուն տուող պատճառները, ինչպէս նաեւ հանրապետական կուսակցութեան եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու փոխ-յարաբերութեանց հետ առնչուող վիճելի հարցերը:

Եզրակացնելով իր ելոյթը Ն. Գոբալեան յարեց. Հայաստանը իր ներկայ մռայլ վիճակէն դուրս բերելու համար պէտք է որ դառնայ օրէնքի երկիր: Հիմնական դարմանը` կառչած մնալ եւ գործադրել երկրի օրէնքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment