Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յունիս 6-ի Ընտրութիւններուն Առթիւ ՀԱԽ Հրապարակեց Իր Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներու Անունները

Յունիս 6-ի Ընտրութիւններուն Առթիւ ՀԱԽ Հրապարակեց Իր Զօրակցութիւնը Վայելող Թեկնածուներու Անունները

by MassisPost

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) հրապարակեց Յունիս 6-ի Քալիֆորնիոյ նախնական ընտրութիւններուն առթիւ իր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու անունները:

Այս առթիւ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ՀԱԽ կը յայտնէ որ, զօրակցութեան առթիւ ուսումնասիրուած են  պաշտօնի վրայ եղող  թեկնածուներու անցեալի գործունէութիւնը, իսկ նոր թեկնածուներու պարագային որոշումը հիմնուած է անոնց ուղղուած շարք մը հարցումներուն   տուած պատասխաններուն վրայ` Ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ եւ պատրաստակամութիւնը սատարելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, հանրային դպրոցներէն ներս ցեղասպանութեան  նիւթի ուսուցման եւ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու անկախութեան  աջակցութեան:

Զօրակցութեան արժանացած թեկնածուներու մեծ մասը ներկայիս կը պաշտօնավարէ եւ ունի  հայանպաստ կեցուածք:

ՀԱԽ-ի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներու շարքին են նահանգի կառավարիչի պաշտօնին Անթոնիօ Վիարակոսա, Ամերիկայի Ծերակոյտի աթոռին համար Քէվըն Տէ Լիոն եւ Ամերիկեան Գոնկրէսի անդամ Ատամ Շիֆֆ:

Ամբողջական ցանկը`

ACA PAC PRIMARY ELECTIONS 2018

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment