Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Թրամբ․ Առաջիկայ Ամիսներուն Ղարաբաղեան Հարցի Կարգաւորման Հասնելու Հնարաւորութիւն Կայ

Թրամբ․ Առաջիկայ Ամիսներուն Ղարաբաղեան Հարցի Կարգաւորման Հասնելու Հնարաւորութիւն Կայ

by MassisPost

Առաջիկայ ամիսները ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն՝ պնդած է Միացեալ Նահանգներու առաջնորդ Թրամբը Ատրպէյճանի նախագահին գրած նամակին մէջ, աւելցնելով՝ այդ ա՛լ աւելի լաւ պայմաններ կը ստեղծէ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնը խորացնելու համար:

Շնորհաւորելով Ատրպէյճանի առաջնորդը ու ժողովուրդը առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ, Սպիտակ տան ղեկավարը, ըստ պաշտօնական «ԱզերԹԱՋ» գործակալութեան, գրած է. – «Ատրպէյճանն ու Միացեալ Նահանգները սերտօրէն կը համագործակցին եւ կ’աշխատին իրար հետ՝ դժուարին տարածաշրջանային մարտահրաւէրները յաղթահարելու ուղղութեամբ: Ես կը գնահատեմ ձեզի հետ գործընկերութիւնը անվտանգութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերու մէջ, ինչպէս նաեւ մեր երկարամեայ առեւտրային կապերը»:

Պնդելով, թէ առաջիկայ ամիսները ղարաբաղեան հարցի մէջ կարգաւորման հասնելու հնարաւորութիւն կայ, Թրամբը գրած է․ – «Որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մէջ համանախագահող երկիր՝ Միացեալ Նահանգները կը սպասէ,  որ Ձեզի հետ համագործակցի՝ հակամարտութեան երկարատեւ եւ խաղաղ կարգաւորումը գտնելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment