Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապօրինի Հարստացածներու Բացայայտման Գործընթացը Սկսած է, Կան Բերման Ենթարկուածներ

Ապօրինի Հարստացածներու Բացայայտման Գործընթացը Սկսած է, Կան Բերման Ենթարկուածներ

by MassisPost

«Մենք ասել էինք, որ ամսի 23-ից ակտիւ (աշխոյժ) գործողութիւններ կը սկսենք, գործողութիւնները սկսուած են եւ առաջիկայ օրերին հրապարակումները կը լինեն», – կառավարութեան նիստէն առաջ «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

ԱԱԾ ղեկավարը ըսած էր, թէ ինքը համաձայն է, որ փտածութեան մէջ մեղադրուող անձերէն առգրաւուին պետութենէն գողցուած միջոցները եւ վերադարձուին պետութեան։

Վանեցեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է. – «Ես չեմ ասել, որ 350 հոգին ամսի 23-ին բերման են ենթարկուելու, կամ յայտարարուելու է, բայց Ձեզ ասեմ, որ կան հրաւիրուած բազմաթիւ անձինք, կան բերման ենթարկուած անձինք, աշխատանքները կատարւում են, եւ առաջիկայ օրերին հանրութիւնը կը տեղեկացուի այդ մասին։ Դա բարդ եւ ծանր, մեծ ծաւալ ունեցող աշխատանք է, որը մենք ամբողջ ծաւալով իրականացնում ենք, եւ մենք պէտք է այնպէս անենք, որ ոչ մէկի մօտ հարց չառաջանայ դրա հետ կապուած, դրա համար պէտք է այդ ամէնն անենք շատ պրոֆեսիոնալ կերպով, եւ դրա համար մեզ մի քիչ ժամանակ է պէտք։ Բայց ամսի 23-ից, ես ոնց որ նշել էի, արդէն իսկ կան բերման ենթարկուածներ, հրաւիրուած անձինք, տրուել են բացատրութիւններ, եւ մեր նախնական օպերատիւ տուեալները այս փուլում ես կարող եմ ձեզ ասել, որ հաստատուել են»։

Դիտարկման, թէ տեղեկութիւններ կան, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի դէմ ԱԱԾ-ն նիւթեր կը նախապատրաստուին, ԱԱԾ տնօրէնը արձագանգած է. – «Նման բան մենք չունենք։ Տարօն Մարգարեանի, առհասարակ մենք որեւէ պաշտօնեայի նկատմամբ նպատակային նիւթեր չենք նախապատրաստում։ Մենք կատարում ենք մեր աշխատանքը, եւ մեր աշխատանքի արդիւնքում եթէ մեզ յայտնի են դառնում տուեալներ, որոնք վկայում են այս կամ այն անձի անօրինական գործունէութեան վերաբերեալ, մենք կատարում ենք օրէնքով վերապահուած մեր լիազօրութիւնները»։

ArmLur.am-ը, յղում կատարելով հաւաստի աղբիւրներուն, յայտնած է, որ ապօրինի հարստացածներու բացայայտման գործընթացի մէջ ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ներխուժած են «Նորֆոլկ քոնսալթինգ» ընկերութիւն: Անոնք տեղեկութիւն ստացած են, որ ընկերութիւնը միլիոնաւոր չարաշահումներ թոյլ տուած է:
ՊԵԿ-էն պաշտօնապէս հաստատած էին, որ այս ընկերութեան ղեկավարը «Գազպրոմ Արմենիայի» հաշուապահ Արմէն Ունանեանն է։
ArmLur.am-ին յայտնի դարձած է, որ «Գազպրոմ Արմենիայի» ներկայացուցիչի ստեղծած պետութեան հոգածութեան տակ գտնուող գերհզօր ընկերութիւնը յայտնուած է Ազգային անվտանգութեան թիրախ: Ըստ կայքի տեղեկութիւններու, քանի մը աշխատակիցներ ձերբակալուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment