Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Կ’ընդգրկուի Քնեսեթի Լիագումար Նիստերու Օրակարգին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւը Կ’ընդգրկուի Քնեսեթի Լիագումար Նիստերու Օրակարգին Մէջ

by MassisPost

Իսրայէլի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Քնեսեթի լիագումար նիստի օրակարգի մէջ առելու համար: Բանաձեւը հեղինակած է խորհրդարանական փոքրամասնութիւն ունեցող «Մերեց» կուսակցութիւնը:

Իսրայէլցի պատգամաւորները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին հերթական անգամ խօսած են Թուրքիոյ հետ նոր դիւանագիտական ճգնաժամի կապակցութեամբ:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս անգամ եւս հարցը ուղղակի օրակարգ դրուած է քննարկման համար, այլ՝ ոչ թէ ճանաչման: Նոյնը տեղի ունեցած էր այս տարի փետրուարին, հարցը բարձրացուցած էր ընդդիմադիր «Յէշ Աթիդ» կուսակցութեան նախագահ Եաիր Լապիտը, խորհրդարանը, սակայն, մերժած էր նախագիծը՝ արտաքին գործոց նախարարութեան բացասական արձագանգէն ետք:

Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահ Եուլի Էտելշթէյն անձամբ վարած է նիստն ու բացման խօսքով հանդէս եկած՝ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին։

Այնուհետեւ ճանաչման մասին խօսած է «Մերեց» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Տամար Զանտպերկը։ Ան պատգամաւորներուն կոչ ըրած է մոռնալ բոլոր քաղաքական շահերը: Զանտպերկը նաեւ շեշտած է, որ «Մերեց»-ը 1989 թուականէն կը բարձրացնէ այս հարցը։

Միայն մէկ պատգամաւոր փորձած է հակադարձել, սակայն ուշագրաւ էր, որ այս անգամ կառավարութենէն հակառակ կարծիք յայտնողներ չեն եղած։ 16 կողմ, ոչ մէկ դէմ եւ ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ Քնեսեթը որոշած է յաջորդ անգամ լիագումար նիստին քննարկել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրինագիծը։

Դահլիճի մէջ ներկայ եղած են հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու անդամներ, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչներ:

Հրեայ պատգամաւորները կրկին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին խօսած են Կազզայի գօտիի վրայ կատարուած շաբթուայ արիւնալի բախումներէն ետք․ այնտեղ շուրջ վեց տասնեակ պաղեստինցի զոհուած էր, հարիւրաւորներ՝ վիրաւորուած, որմէ ետք պաշտօնական Անգարան ցեղասպանութեան մէջ  մեղադրած էր Իսրայէլի իշխանութիւնները:

«Անշուշտ, որեւէ մէկը չի կրնար մրցիլ Էրտողանի հետ ահաբեկչութեան ու կոտորածներու մասին գիտելիքներով», – ի պատասխան յայտարարած էր Իսրայէլի վարչապետ Բենեամին Նեթանյահուն:

Նախօրէին բոլոր հրէական լրատուամիջոցները կը խօսէին Հայոց ցեղասպանութեան վերջնական ճանաչման մասին, քանի մը նախարարներ ճանաչման կոչեր հնչեցուցած էին, ընդդիմադիր Սիոնիստական ճամբարի պատգամաւոր Իցիկ Շմուլին եւ իշխող «Լիքուտ»-ի պատգամաւոր Ամիր Օհանան օրէնքի առանձին նախագծով հանդէս գալու յայտարարութեամբ  հանդէս եկած էին եւ որպէս արդիւնք հարցը կրկին «Մերեց» ընդդիմադիր կուսակցութեանը փոխանցուած էր։

«Մերեց» խմբակցութեան ղեկավար Տամար Զանտպերկը «Ազատութեան» յայտնած է, որ հնարաւոր է յաջորդ շաբաթ հարցը արդէն բերուի լիագումար նիստ՝ ճանաչման նպատակով։ 2016 թուականին Քնեսեթի կրթութեան, մշակոյթի ու մարզական յանձնաժողովը արդէն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Նոր օրինագիծը ընդունելու պարագային Իսրայէլը կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչած 30-րդ երկիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment