Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յուսադրիչ Նախանշաններ

Յուսադրիչ Նախանշաններ

by MassisPost

Շաբաթ մը առաջ Հայաստանն ու հայութիւնը թեւակոխեցին նոր դարաշրջան: Հայրենիքը կարողացաւ իր վրայէն թօթափել հանրապետականներու քսանամեայ իշխանութիւնը, որ  ժողովուրդը մատնած էր յուսահատութեան: Չսպասուած մէկ պահուն հայաստանի բնակչութիւնը մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ  տապալելու համար իշխանութիւն մը, որ երկիրը հասցուցած էր անդունդի եզրին:

Հեռացող վարչակարգը թէեւ ինկած է, սակայն տակաւին շնչահեղձ չէ եղած ու պիտի փորձէ վերականգնել իր նախկին դիրքերը:  Յեղափոխութեան խաղաղ բնոյթը առիթ կու տայ անոր ներկայացուցիչներուն մնալու հրապարակի վրայ ու քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու, փոխանակ  խոյս տալու  երկրէն եւ կամ բանտերու մէջ յայտնուելու, ինչպէս սովորաբար կը պատահի յեղափոխութիւններու պարագային:

Միւս կողմէ, նոր վարչակարգը լծուած է գործի, անցեալի սեւ հետքերը մաքրելու, արատաւոր օլիկարխիկ համակարգը կազմաքանդելու, արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը վերականգնելու եւ հայ  ժողովուրդին դարձեալ յոյս եւ վստահութիւն  ներշնչելու ուղղութեամբ:

Արդէն իսկ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն`  ընդհանրապէս երիտասարդ տարրերէ բաղկացած: Ուժային կառոյցները անցած  են նոր վարչապետի հսկողութեան տակ: Երկրէն ներս վերացած է վախի մթնոլորտը,  յայտարարուած է տնտեսական մենաշնորհներու վախճանը եւ այդ ուղղութեամբ առնուած առաջին քայլերը դրական  են: Այս օրերուն ամէնուրեք կը խօսուի հայրենադարձութեան եւ տնտեսական ներդրումներ կատարելու պատրաստակամութեան մասին: Այս բոլորը մեծ յոյսեր կը ներշնչեն Հայաստանի ապագայի նկատմամբ:

Դրական երեւոյթներ պարզուեցան նաեւ արտաքին քաղաքականութեան առումով: Նորընտիր վարչապետը այցելեց Ստեփանակերտ, ուր բանաձեւելով  իր տեսակէտները, առաջնահերթութիւն նկատեց Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու վերադարձը բանակցութիւններու սեղանին:

Սոչչի մէջ մասնակցելով Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան ժողովին, վարչապետը կարողացաւ հաւասարէ-հաւասար  բանակցիլ անդամ միւս երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Նիկոլ Փաշինեանի առաջին մէկ շաբաթը եթէ նկատենք նախանշան գալիքի    ամիսներուն եւ տարիներուն,  դրական երեւոյթները աւելի քան ակներեւ են ու յուսադրիչ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment