Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ «Փարամազ» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ Հրապարակային Հանդիպում Պոլսահայ Լրագրող Արիս Նալճըի Հետ

ՍԴՀԿ «Փարամազ» Մասնաճիւղի Կազմակերպութեամբ Հրապարակային Հանդիպում Պոլսահայ Լրագրող Արիս Նալճըի Հետ

by MassisPost

nalciՀինգշաբթի, Մայիս  10, 2018, ՀՄՄ-ի Կարօ Սողանալեան սրահէն ներս,  Ս.Դ.Հ.Կ. Փարամազ Մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում Պոլսահայ լրագլրողª Արիս Նալճըլի հետ, որ գաղութէն ներս կը գտնուէր Պոլսահայ Միութեան հրաւէրով: Ձեռնարկին ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ վարիչ Մարմնի անդամներ,Պոլսահայ միութեան անդամներ եւ հիւրեր:

Ս.Դ.Հ.Կ. «Փարամազ» մասնաճիւղի անունով Լենա Մանուկեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ  անդրադարձաւ այս օրերուն Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ տիրող անսահման  ուրախութեան եւ յաղթանակի արձագանքներուն մասին` Նիկոլ Փաշինեանի նոր վարչապետ ընտրուելուն առիթով: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի  պայծառ  ապագայի մը հեռանկարով:

Լենա Մանուկեան ներկայացուց Արիս Նալճըի   կենսագրական գիծերը: Ան եղած է տարիներու «Ակօս» հայկական Շաբաթաթերթի  խմբագիր, խորհրդակցութիւններ կատարած է եւ կառավարած է տասնեակ մը ծրագիրներ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչպէս թուրք-հայկական երկխօսութիւնը:  Ան մասնակցած է  գիտաժողովներու` Հայ եւ Թուրք յարաբերութիւններու մասին, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Արիս Նալճըի  կարեւիր աշխատանքներէն մին  եղած է  Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Քսան Կախաղաններու գիրքի թարգմանութիւնը հայերենէ-թրքերէնի:

Արիս Նալճըն տեղեկացուց որ գործակցած է թուրք յառաջդիմական մտաւորական Գատիր Ագընի հետ: Միասնաբար պրպտած են թրքական արխիւները եւ այդ ժամանակաշրջանի հրատարակութիւնները, հարցազրոյցները եւ թուրք պատմաբաններու գրութիւնները:

Ան յայտնեց որ, Փարամազի նուիրուած թրքերէն լեզուով հատորը առաջին անգամ հրապարակ հանուեցաւ հինգ տարի առաջ, գիրքի մեծ տօնավաճառի մը ընթացքին: Այնուհետեւ նոյն գիրքը արժանացաւ   չորս հրատարակութեան`  Ervensel հրատարակչատունէն, որ յետոյ փակուեցաւ պետութեան կողմէ:

Արիս Նալճը իր ելոյթով անդրադարձաւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու, թրքահայերու եւ թուրքիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններուն մասին:

Ապա ան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Փակման խօսքով բեմ հրաւիրուեցաւ Փարամազ մասնաճիւղի ատենապետ Ընկ. Տիրան Ճէրէճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ օրուայ բանախօսին, գնահատելով անոր ելոյթը եւ ներդրումը հայ-թուրք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին այս յատուկ ձեռնարկի պատրաստութեան եւ կազմակեր-պութեան համար եւ լրագրող Արիս Նալճըին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment