Կիրակի, Ապրիլ 29-ին Երեւանի մէջ շարունակուեցան Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած ժողովրդային խաղաղ յեղափոխութեան գործողութիւնները: Ցոյցեր, երթեր եւ ճանապարհները փակ պահելու գործողութիւններ տեղի ունեցան ամբողջ օրուայ ընթացքին:
Երեկոյեան, բազմահազար ժողովուրդ դարձեալ հաւաքուած էր Հանրապետութեան հրապարակը, լսելու համար Փաշինեանի ելոյթը, վերջին ժամերուն իր ունեցած հանդիպումներու եւ յառաջիկայ օրերու ընթացքին սպասուող զարգացումներու մասին:
Նիկոլ Փաշինեան հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարեց, որ պատրաստ է պատասխանատու ձեւով ստանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը:
«Ես հիմա ուզում եմ շատ յստակ պատասխանել Հայաստանի Հանրապետութեան օդում կախուած մի հարցի, եւ ես ուզում եմ ուղիղ, շատ յստակ, ձեր բոլորի աչքերի մէջ նայելով, ամենայն վստահութեամբ յայտարարել, որ այո’, պատրաստ եմ պատասխանատու ձեւով ստանձնել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, որովհետեւ ծառայում են Հայաստանի ժողովրդին », – յայտարարեց Փաշինեան:
Ելոյթի ընթացքին Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց որ Ռուսաստանի խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ կայացած հանդիպումը եղած է խիստ դրական եւ բարեկամական: Ան դարձեալ հաստատեց որ, իր գլխաւորած շարժումը ուղղուած չէ Ռուսաստանի դէմ եւ ընդհակառակը` Հայ-Ռուսական յարաբերութիւնները ապագային շատ աւելի դրական զարգացումներ պիտի ունենան երկու կողմերուն համար:
Փաշինեան յայտնեց որ, Երկուշաբթի օր նախատեսուած են հանդիպումներ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններուն հետ, հետագայ քայլերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:
Նախապէս, Փաշինեան լրագրողներուն յայտնած էր որ, քննարկուող հարցերէն մէկը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացման ժամկէտներուն հետ կապուած հարցերն էին:
«Մենք ունենք մեր պատկերացումները, սակայն քաղաքական դաշտի տարբեր ուժերի կողմից անհանգստութիւններ են հնչում, որ եթէ մենք ցանկանում ենք բոլորի համար հաւասար պայմաններ ապահովել, պէտք է այնպէս անենք, որ քաղաքական դաշտը պատրաստուի այդ իրադարձութեանը: Մենք մտածում ենք, որ կարելի է երկու ամսուայ ընթացքում անել ընտրութիւնները, սակայն այս թեման քննարկելի ենք համարում, որ կարելի է մի փոքր աւելի ուշ անել, սակայն տրամաբանութեան սահմաններում, որպէսզի քաղաքական դաշտն աւելի պատրաստ լինի այդ իրադարձութեանը »,- «Արմենփրեսՙ-ին ըսած է Փաշինեան:
Այն հարցին թէ հնարաւո±ր է արտահերթ ընտրութիւնները մէկ տարուայ ընթացքին, Փաշինեան պատասխանեց. «Կարծում ենք, որ մէկ տարին շատ երկար ժամկէտ է, սակայն հարցը քննարկելի է: Պէտք է բոլոր փաստարկները կշռել »: