Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հանրապետական Կուսակցութիւնը Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ, Գագիկ Ծառուկեան կը Սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ, Գագիկ Ծառուկեան կը Սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Մինչ ժողովրդային խաղաղ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան Վանաձորի մէջ ելոյթ կ’ունենար բազմահազար ժողովուրդի առջեւ, Երեւանի մէջ Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խօսնակ, ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով հրապարակաւ յայտարարեց, որ առճակատումէն խուսափելու համար իրենց կուսակցութիւնը որոշում կայացուցած է չառաջադրել վարչապետի ոեւէ թեկնածու, Մայիսի 1-ին կայանալիք ընտրութիւններուն:

«Մենք չենք առաջադրուի թեկնածու: Ում կը քուէարկենք` կապուած է թէ ովքեր են առաջադրուած եւ ինչ ծրագրով հանդէս կը գան», – յայտարարեց Էդուարդ Շարմազանով:

Երբ այս տեղեկութիւնը հասաւ Վանաձոր եւ Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդը տեղեակ պահեց այդ մասին, հրապարակը թնդաց ծափահարութիւններով եւ յաղթանակի բացականչութիւններով:

Վերջին օրերուն, իր ելոյթներու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանրահաւաքներու կոչ կ’ընէր ժողովուրդի` կապ հաստատելու իրենց շրջանի պատգամաւորներուն հետ եւ պահանջելու, որ անոնք քուէարկեն «ժողովուրդի թեկնածուին»:

Այսօր երեկոյեան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ խորհրդարանական «Ծառուկեան» ընդդիմադիր դաշինքի առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը վարչապետի թեկնածու չի առաջադրուելու եւ սատարելու է Նիկոլ Փաշինեանին որպէս թեկնածու: Այս մասին քիչ առաջ իր ֆեյսբուքյան էջին վրայ գրեց «Կենտրոն» հեռուստաընկերութեան «Ուրուագիծ» հաղորդաշարի հեղինակ եւ վարող Պետրոս Ղազարեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment