Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանի Կոչը Հայաստանի Քաղաքացիներուն « Մայիս 1-ին Հեղեղել Երեւանի Փողոցներն ու Հրապարակները»

Նիկոլ Փաշինեանի Կոչը Հայաստանի Քաղաքացիներուն « Մայիս 1-ին Հեղեղել Երեւանի Փողոցներն ու Հրապարակները»

by MassisPost

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ Մայիս 1-ին առաւօտեան ժամը 8։00-էն կրկին դուրս գալ փողոց եւ «հեղեղել Երեւանի փողոցներն ու հրապարակները»։

Նշենք, որ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնակատար, ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանը հրաւիրած էր «Մարիոթ» հիւրանոց՝ սկսելու բանակցային գործընթացի երկրորդ փուլը: Սակայն վարչապետի պաշտօնակատարի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեանը յայտնեց, թէ բանակցութիւններուն մասնակցիլը Կարէն Կարապետեանը կը համարէ «անհեռանկարային»։

«Բանակցութիւնները, ուրտեղ մի կողմը բացառապէս թելադրում է օրակարգ, իսկ միւսը չի կարող օրակարգ ներկայացնել՝ չեն կարող համարուել բանակցութիւններ: Բացի այդ, Կարէն Կարապետեանը մնում է այն տեսակէտին, որ լրատուամիջոցներու առջեւ բանակցութիւնների անցկացումն արդէն իսկ ենթադրում է, որ բանակցութիւնների նպատակը որեւէ արդիւնք արձանագրելը չէ: Այդ իսկ պատճառով մասնակցել «բանակցութիւնների», որոնք լուծումներ գտնելու հաւանականութիւն չունեն, վարչապետի պաշտօնակատարը համարում է անհեռանկարային», – ֆեյսբուքեան իր էջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարի մամուլի խօսնակ Արամ Արարատեանը:

Այն հարցին, թէ ի՞նչ խնդիր կը  լուծէ Կարէն Կարապետեանը չգալով, Փաշինեանը պատասխանած է. – «Ես կը կարծեմ, որ Կարէն Կարապետեանը պարզապէս վստահ չէ իր բանակցային ուժերին, եւ եթէ մի մարդ, որն այնքան էլ վստահ չէ իր բանակցային ուժերին իր հայրենիքի ներսում, ինչպէ՞ս է նա պատրաստւում ընդհանրապէս բանակցել Ղարաբաղի հարցի շուրջ»։

Հարցին, թէ Ազգային ժողովի մէջ ի՞նչ իրավիճակ է՝ հաշուի առնելով ՀՅ Դաշնակցութեան եւ «Ծառուկեան» դաշինքի որոշումները, ընդդիմադիր գործիչը պատասխանած է. – «Յոյս ունեմ, որ մինչեւ  Մայիս 1 ՀՅԴ եւ «Ծառուկեան» դաշինքը իրենց դիրքորոշումները կը յստակեցնեն եւ այսօր-վաղը կը յայտարարեն, թէ ինչպէս են իրենք պատրաստւում քուէարկել»։

Փաշինեանը վստահեցուց՝ խօսքը ոչ թէ վարչապետի ընտրութեան կամ պաշտօնակռիւի մասին է, այլ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment