Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչում Փասատինայի «Մեմորիըլ» Զբօսայգիի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Մօտ

Մեծ Եղեռնի Ոգեկոչում Փասատինայի «Մեմորիըլ» Զբօսայգիի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Մօտ

by MassisPost

Մեծ Եղեռնի 103րդ տարեդարձին առիթով Փասատինայի մէջ եւս տեղի ունեցաւ պատշաճ յուշահանդէս Ապրիլ 22ին, տեղւոյն Յիշատակութեան զբօսայգիին (Memorial Park) մէջ:

«Կայծ» Երիտասարդաց Միութեան եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդին (ՀԱԽ) կողէ կազմակերպուած սոյն միջոցառումին ներկայ էն քաղաքի տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուչիներ եւ լրագրողներ:

Ամերիկայի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը: Կազմակերպիչ մարմնի անունով ելոյթ ունեցաւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի պատասխանատուներէն իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան£: Ան հպանցիկ ակնարկով մը յիշեց աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ տեղի ունեցած տարբեր ժամանակներու ցեղասպանութիւնները: Առանձնապէս ծանրացաւ 103 տարիներ առաջ տեղի ունեցած 20րդ դարու առանջին ցեղասպանութեան վրայ, որուն զոհերը դաձան մէկ ու կէս միլիոն հայեր: Գ. Մոլոյեան բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ տիրող հակաժողովրդավար իշխանութիւնները« որով տասնեակ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ, լրագրողներ եւ մտաւորականներ բանտերու մէջ կը տառապին, որպէս նոր զոհերը տիրող իշխանութեան:

«Կայծ» Երիտասարդաց Միութեան անունով Ալիսըն Ղաֆարի իսկ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդին կողմէ Քրիստին Աղախանեան իրենց ելոյթներով շեշտեցին նորահաս սերունդի վիճակուած առողջ կեցուածքը եւ պահանջատէր հայ ժողովուրդի արդար պայքարին զօրակցիլը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստալկան ճոխ յայտագիր մը: Ասմունքով հանդէս եկան Գարինա Գոռնէհօ եւ Անժելա Փաչանեան: Հայկական երաժշտական գործիքներու կատարմամբ ելոյթ ունեցան Լիլիթ Խօճայեան (քանոն) եւ Արմէն Ստեփանեան (տուտուկ) Ազգային երգերու մեկնաբանութիւնենրը կատարեցին Յարութ Յակոբեան եւ Արթուր Ակոբեան (mister x): Իսկ ազգագրական տոհմիկ պարերու կատարմամբ ելոյթ ունեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը (գեղարուեստական ղեկավար Վարդուհի Մինասեան): Բոլոր կատարումերն ալ մեծ ոգեւորութիւն եւ տպաւորութիւն ձգեցին հանդիսականներուն մօտ:

Աւարտին ներկաները մէկական մեխակներ ձեռքերնին, ուղղուեցան դէպի մօտակայ նահատակաց յուշարձանը եւ զետեղեցին պատուանդանին վրայ, ի յարգանս մեր սրբադաստուած բիւրաւոր նահատակներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment