Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հանրապետական»ը֊ Պատրաստ է Քննարկել Զանկացած Հարց

«Հանրապետական»ը֊ Պատրաստ է Քննարկել Զանկացած Հարց

by MassisPost

25 ապրիլին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան անդամներու հանդիպումը նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ:

ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը ներկայ եղած է հանդիպման միայն առաջին մասին։ Ան ՀՀԿ խմբակցութեան անդամներուն աւելի մանրամասն ներկայացուցած է իր հրաժարականի պատճառները եւ խօսած Ազգային ժողովի աշխատելու տարբեր ձեւաչափերու մասին` յորդորելով առաջնային նշանակութիւն տալ ներքին կայունութեան ու երկրի անվտանգութեան, որ «ցանկացած որոշման դէպքում կարելի է իրականացնել միայն Հանրապետականի միասնութեան շնորհիւ»։

Հանդիպման երկրորդ մասին խմբակցութեան անդամները վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի հետ քննարկած են ներկայ քաղաքական իրավիճակը եւ հնարաւոր զարգացումները: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յայտարարելու, որ Հանրապետական խմբակցութիւնը առանց նախապայմաններու պատրաստ է բոլոր կողմերու հետ քննարկել ցանկացած հարց:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է նաեւ ՀՀԿ ղեկավար մարմիններու մէջ քննարկման սկսիլ կուսակցութեան նախագահի փոփոխութեան հարցի շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment