Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՀԿ-ն կը Շարունակէ Յանձնառու Մնալ ԼՂ Խնդիրի Խաղաղ Կարգաւորման Ջանքերուն

ԵԱՀԿ-ն կը Շարունակէ Յանձնառու Մնալ ԼՂ Խնդիրի Խաղաղ Կարգաւորման Ջանքերուն

by MassisPost

ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերը Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով: Նախագահի աշխատակազմէն ստացուած հաղորդման համաձայն՝ ուղերձի մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Թոյլ տուէք օգտուիլ այս հնարաւորութենէն եւ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել Ձեր երկրի հետ լայնածաւալ եւ երկարատեւ համագործակցութեան համար: Թէեւ մենք կ’ափսոսանք, որ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը 2017 թուականին փակուեցաւ, այնուամենայնիւ, ուրախ ենք նշելու, որ ե’ւ Հայաստանի, ե’ւ ԵԱՀԿ կողմէն մեծ հետաքրքրութիւն կայ շարունակելու համագործակցութիւնը, որուն մենք աշխուժօրէն կ’արձագանգենք՝ սերտ համագործակցելով ԵԱՀԿ-ի Հայաստանի պատուիրակութեան եւ Ձեր արտաքին գործերու նախարարութեան հետ»:

Թոմաս Կրեմինկերը նաեւ նշած է․ «ԵԱՀԿ-ն կը շարունակէ յանձնառու մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ՝ Մինսկի համաժողովի շրջանակներու մէջ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Կասպրշիկի եւ անոր խումբի գործունէութեան միջոցով»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment