Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Կը Շարունակուին Բողոքի Գործողութիւնները` Սերժ Սարգսեանի Վարչապետութեան Դէմ

Երեւանի Մէջ Կը Շարունակուին Բողոքի Գործողութիւնները` Սերժ Սարգսեանի Վարչապետութեան Դէմ

by MassisPost

Երկրորդ օրն ըլլալով Երեւանի մէջ շարունակուեցան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնած բողոքի ցոյցերը Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ:

«Մենք եկել ենք Հայաստանն ազատելու Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնից եւ այսօր դրա համար մեզ միայն մի բան է պակասում` ՀՀ քաղաքացիների տուած լիազօրութիւնը»: Շաբաթ, Ապրիլ 14-ին, Ֆրանսիայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած  հանրահաւաքի ժամանակ ըսաւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեան յայտարարեց որ իրենց  խնդիրը պարզ է. «Ազգային ժողովը պիտի փորձի Սերժ Սարգսեանին ընտրել վարչապետ: Մեր խնդիրն է հաւաքուել այստեղ տասնեակ հազարներով եւ շարժուել ԱԺ, շրջափակել ԱԺ-ն, որպէսզի որեւէ ՀՀԿ-ական պատգամաւոր չկարողանայ մուտք գործել այնտեղ, որպէսզի Սերժ Սարգսեանը չկարողանայ մուտք գործել այնտեղ: Մենք դա անելու ենք նոյնկերպ, ինչպէս այսօր Հանրային ռատիոյի շէնքում: Մենք կանգնելու ենք խորին յարգանքով նրանց զէնքերի առջեւ եւ ասելու ենք` կրակում էք, կրակէք, բայց ես անցնելու եմ, ես չեմ կանգնի ձեր կամայականութիւնների, ձեր ապօրինութիւնների, ձեր լկտիութեան առաջ: Ես չեմ կանգնի Սերժ Սարգսեանի առջեւ»:

Nikol Pashinyan and members of ‘#MyStep’ intiative broke into RA Public Radio Building during the protest action against Serzh Sargsyan

Օրուայ ընթացքին Փաշինեան այլ ցուցարարներու հետ միասին  ձեռքերնին վեր պարզած մտան Հանրային ռատիոյի շէնք, պահանջելով իրեն եթեր տրամադրել: Մինչ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենային Փաշինեանի եւ ռատիոյի պատասխանատուներուն միջեւ, հոսանքի անջատում տեղի ունեցաւ եւ հաղորդումները դադրեցան:

Միւս կողմէ, Հանրապետական կուսակցութիւնը խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին պիտի քննարկէր յաջորդ վարչապետի հարցը, Երեւանէն փոխադրուեցաւ Ծաղկաձոր: Այս ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ Սերժ Սարգսեանի անունը ներկայացնել որպէս Հայաստանի վարչապետ:

Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Մարտ 31-ին քայլարշաւ   սկսած էր Հայաստանի քաղաքներով, որը աւարտեցաւ  Ապրիլ 13-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ շուրջօրեայ հանրահաւաքով, ապա նստացոյցով Ֆրանսիայի հրապարակին վրայ:

HHK-tzaghadzor

Ուրբաթ երեկոյեան, Ազատութեան հրապարակին վրայ  տեղի ունեցած հանրահաւաքը բաւական բազմամարդ էր: Նիկոլ Փաշինեան ներկայացնելով իրենց նպատակներն ու յառաջիկայ քայլերը կոչ ուղղեց բոլոր ընդդիմադիրներուն` մոռնալով բոլոր տարակարծութիւնները միանալ իրենց:

Ցուցարարները   մտադիր են Ապրիլ 17-ին շրջափակել ԱԺ շէնքը, նաեւ պատգամաւորներու տուները եւ թոյլ չտալ, որ անոնք մասնակցին  վարչապետի ընտրութեան` նախատեսուած Ապրիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment