Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Թուրքիա Երկարաձգած է Արտակարգ Դրութիւնը

Թուրքիա Երկարաձգած է Արտակարգ Դրութիւնը

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը   7-րդ անգամ  ըլլալով   պիտի երկարաձգուի: Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան մէջ  համապատասխան որոշում կայացնելէ ետք հարցը կը տեղափոխուի խորհրդարանի օրակարգ։

Կը սպասուի, որ առաջարկը խորհրդարանի քննարկման կը ներկայացուի 18 Ապրիլին՝ արտակարգ դրութեան ժամկէտը լրանալէ մէկ օր առաջ:

15 Յուլիս 2016 թուականի յեղաշրջման փորձի հետեւանքով, Թուրքիոյ մէջ, 272 քաղաքացի զոհուած էր, 2.194 -ը՝ վիրաւորուած: Դէպքէն ընդամէնը օրեր անց՝ 21 յուլիսին, երկրի մէջ յայտարարուած էր եռամսեայ արտակարգ դրութիւն, որ արդէն 6 անգամ երկարաձգուած է: Արտակարգ դրութեան ընթացքին ողջ երկրով մէկ տեղի ունեցած են զանգուածային ձերբակալութիւններ, փակուած են բազմաթիւ ընդդիմադիր թերթեր ու ալիքներ, յեղաշրջման կազմակերպման մէջ մեղադրուող Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ղեկավարած կիւլենական համայնքի հետ առնչութեան մէջ կասկածուող տասնեակ հազարաւոր պետական ծառայողներ իրենց աշխատանքէն զրկուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment