Home ԱՅԼԱԶԱՆ «Բացայայտելով Հայկական Պրանտիի Աշխարհը»․Forbes Պարբերական

«Բացայայտելով Հայկական Պրանտիի Աշխարհը»․Forbes Պարբերական

by MassisPost

Հայաստանի մէջ քոնեակի արտադրութիւնը, որ դարերու պատմութիւն ունի, կը շարունակէ մնալ ամենախոշոր գործերէն: Երկրի մայրաքաղաք Երեւանը կրնայ պարծենալ անով, որ այստեղ մէկ շունչին բաժին հասնող քոնեակի թորիչները աւելի շատ են, քան աշխարհի որեւէ այլ քաղաքի մէջ, նոյնիսկ ֆրանսական Քոնեակին մէջ:  Այս  մասին գրուած է   Forbes պարբերականին մէջ հրապարակուած լայնածաւալ յօդուածին մէջ, որ վերնագրուած է` «Բացայայտելով հայկական պրանտիի աշխարհը»:

Հեղինակ Ճոզէֆ Միքալեֆ նշած է, որ Հայաստանը ընդհանրապէս յայտնի է որպէս գինիի արտադրութեամբ զբաղող աշխարհի հնագոյն երկիր: Սակայն քոնեակի արտադրութիւնը խորունկ պատմութիւն ունի:

Ան ընդգծած է, որ 19-րդ դարու վերջերը Հայաստանի մէջ արդէն ծաղկուն կերպով կը զարգանար քոնեակի արտադրութիւնը: «Հաշուի առնելով քոնեակի հանրաճանաչութիւնը Ռուսիոյ մէջ, որ այդ ժամանակ կը դաշնակցէր Ֆրանսայի հետ, հայկական պրանտին եւս սկսաւ անուանուիլ քոնեակ, որ այժմ կը շարունակուի Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ յետխորհրդային շարք մը այլ հանրապետութիւններու մէջ»,- գրած է հեղինակը` նշելով, որ յայտնի հայ գործարար Նիքոլայ Շուսթովը իրաւունք ունէր իր արտադրանքը, որ կը մատակարարուէր ռուս ցարին, անուանել քոնեակ: Արդէն 1990 թուականին անոր հիմնած «Շուսթով եւ որդիներ» ընկերութեան պրանտին Փարիզի Universal Expo-ի ժամանակ խիստ մրցակցութեան պայմաններու մէջ կը յաղթէ ֆրանսական Քոնեակ քաղաքի արտադրանքը ներկայացնող ընկերութեան եւ իրաւունք կը ստանայ պաշտօնապէս իր արտադրանքը անուանել «քոնեակ»:

«Խորհրդային Միութեան մէջ քոնեակի մէկ քառորդը կ’արտադրուէր Հայաստանի մէջ: 1944 թուականի Եալթային վեհաժողովի ժամանակ Ժոզէֆ Սթալինը Ուինսթըն Չըրչիլին եւ Ֆրանքլին Ռուզվելթին կը հրամցնէ «Դուին» անունը կրող հայկական քոնեակ, որ արտադրած էր Երեւանի քոնեակի գործարանը»,- գրած է հեղինակը` նշելով, որ համաձայն աւանդազրոյցի` Չըրչիլ այնքան կը հաւնի հայկական քոնեակը, որ կը համաձայնի Սթալինի հետ, որպէսզի իրեն այդ քոնեակէն պարբերաբար մատակարարէ:

«Ներկայիս երկիրը կ’արտադրէ շուրջ 20 միլիոն լիթր քոնեակ` մօտաւորապէս 5.7 միլիոն տակառ, որուն 90 տոկոսը կ’արտահանուի: Հայկական քոնեակի արտադրութիւնը ունի քանի մը հետաքրքրական յատկանիշներ: Նախ, այդ արտադրութեան մէջ կ’օգտագործուին խաղողի միայն տեղական տեսակները: Հայաստանի մէջ կը հաշուըւուի խաղողի աւելի քան 200 տեղական տեսակ, որոնց մեծ մասը շատ հին են: Օրէնքով սահմանուած են խաղողի այն տեսակները, որոնք կրնան օգտագործուիլ քոնեակի արտադրութեան համար, որոնց մէջ են Ոսկեհատը, Գառան դմակը, Մսխալին»,- նշած է հեղինակը` ընդգծելով, որ Արարատեան դաշտին մէջ աճող խաղողի լայն տեսականին կ’օգտագործուի նաեւ մրգային օղի պատրաստելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment