Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլանի Դէմ Դատական Հայց. Ան Կրնայ Զրկուիլ Պատգամաւորի Իրաւունքներէ

Կարօ Փայլանի Դէմ Դատական Հայց. Ան Կրնայ Զրկուիլ Պատգամաւորի Իրաւունքներէ

by MassisPost

Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 8 պատգամաւորի նկատմամբ իրաւական գործընթաց սկսելու նպատակով պահանջագիր պատրաստած է: Պատգամաւորներուն մէջ է նաեւ Կարօ Փայլանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Կարօ Փայլանէն բացի, պահանջագրին մէջ ներառուած են պատգամաւորներ՝ Օսման Պայդեմիրի, Ալիջան Օնլուի, Ֆելեքնաս Ուջայի, Սիպել Յիղիթալփի, Նատիր Եըլդըրըմի, Տիլէք Օջալանի, Միզգին Ըրգաթի անունները: Անոնք կը մեղադրուին «թուրք ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, կառավարութիւնը, պետութեան զինուորը կամ անվտանգութեան համակարգը հրապարակայնօրէն ծաղրելու», «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն ընելու», «քաղաքական կուսակցութիւններու կանոններուն հակառակ գործելու», «հանրապետութեան նախագահին վիրաւորելու» մէջ:

Կարօ Փայլանի դէմ նախապատրաստուած պահանջագրին մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի, որ ան 2017 թուականի Մայիս 1-ին Գանատայի մէջ տուած հարցազրոյցի ընթացքին իր արտայայտած մտքերով «հրապարակայնօրէն ծաղրած է թրքական ազգը, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ կառավարութիւնը» ու «վիրաւորած հանրապետութեան նախագահը»:

Պահանջագիրներով, համաձայն երկրի սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածի, կը նախատեսուի պատգամաւորները զրկել անձեռնմխելիութենէ: Ատոնք խորհրդարանի նախագահութեան ներկայացուելու նպատակով ուղարկուած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան:

Թուրքիոյ խորհրդարանի  նախագահութիւն ներկայացուելէ ետք՝ հարցը քննարկման կը դրուի յատուկ յանձնաժողովի մէջ, որու կազմին մէջ են խորհրդարանի սահմանադրական եւ արդարադատութեան հարցերով յանձնաժողովներու անդամները: Յանձնաժողովը հարցը ուսումնասիրելէ ետք կը պատրաստէ համապատասխան զեկոյց, որ վերջնական քուէարկութեան կը դրուի խորհրդարանի նիստի ժամանակ:

Պատգամաւորները իրաւունք ունին ինչպէս յանձնաժողովի, այնպէս ալ խորհրդարանի նիստի ժամանակ հանդէս գալ պաշտպանական խօսքով: Անձեռնմխելիութենէ զրկուելու պարագային անոնք կրնան հարցը բողոքարկել Սահմանադրական դատարանի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment