Թուրքիան դեռ հեռու է եւրոպական արժէքներէն: Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Պանայոտիս Գամենոսը յայտարարած է իր հայ գործընկեր Վիգէն Սարգսեանի հետ Երեւանի մէջ կայացած համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ:
Նախարարը ընդգծած է, որ Յունաստանը կը ցանկանայ, որ Թուրքիան աւելի մօտ ըլլայ եւրոպական արժէքներուն:
«Բայց կը վախնամ՝ դատելով Էրտողանի յայտարարութիւնները եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու որոշումները, Անգարան ձգտում ունի անցեալը վերականգնել, մտադիր է Օսմանեան կայսրութիւն ստեղծել: Այս մէկը կը հեռացնէ Թուրքիան եւրոպական արժէքներէն»,- նշած է նախարարը:
Յոյն նախարարը նշած է, որ Յունաստանը կը շարունակէ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը եւ Թուրքիոյ խորհուրդ տուած է յիշել անցեալին իրականացուած նման ծաւալապաշտական փորձերը, որոնք յաջողութեամբ չեն պսակուած:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Պանայոտիս Գամենոսը Երեւան կատարած պաշտօնական այցի ժամանակ այցելած է Սպառազինութիւններու եւ պաշտպանական տեխնոլոգիաներու «ArmHiTec-2018» միջազգային ցուցահանդէսը։
Մամուլի ասուլիսի ժամանակ նախարարը նշած է, որ տպաւորուած է ցուցահանդէսէն եւ շնորհաւորած է կազմակերպիչները ցուցահանդէսի յաջող ընթացքին համար. «Այցի ընթացքին ես հնարաւորութիւն ունեցայ հանդիպիլ գործընկերոջս հետ։ Հանդիպման ժամանակ քննարկուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցեր»,- նշած է նախարարը։
Պանայոտիս Գամենոսը ընդգծած է, որ Հայաստանին ու Յունաստանին կը միաւորեն ընդհանուր արժէքներն ու ընդհանուր պատմութիւնը. «Մենք ցեղասպանութիւններու զոհեր ենք»,- յայտարարած է ան։
Անդրադառնալով պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան թեմային՝ ան նշած է, որ ռազմական համագործակցութիւնը, ինչպէս քաղաքական կապերը, ամենաբարձր մակարդակի վրայ են. «Հայաստանն ու Յունաստանը կանգնած են ընդհանուր մարտահրաւէրներու առջեւ: Սա կը պահանջէ համապատասխան մօտեցումներ։ Ինծի համար պատիւ է Հայաստան գալը։ Ես եղբայրական երկիրի մէջ եմ։ Մեր ընդհանուր արժէքները ամուր կապ կը ստեղծեն։ Մենք ընդհանուր ժառանգութիւն ունինք, որ կրնանք հպարտանալ։ Պատմական կապերը աւելի ամրապնդուած են ընդհանուր հետապնդումներու արդիւնքով»,- նշած է նախարարը։