Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահի Հանդիպումները ԱՄՆ Քոնկրեսի Մէջ

Արցախի Նախագահի Հանդիպումները ԱՄՆ Քոնկրեսի Մէջ

by MassisPost

Նախագահը հանդիպում ունեցած է արտաքին հարցերով յանձնաժողովի  խումբ մը անդամներու հետ, քննարկած Արցախ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր: Այս մասին «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Այնուհետեւ Յանձնաժողովին ընդունելութիւն կազմակերպուած է՝ նուիրուած Արցախեան շարժման 30-րդ տարեդարձին:

Իր խօսքին մէջ Նախագահը կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր բարձրագոյն մարմինի մէջ կազմակերպուած հանդիպումները, նշելով, որ անոնք նաեւ կը մեծցնեն պատասխանատուութեան աստիճանը՝ յամառ ու քրտնաջան աշխատանք իրականացնելու, երկկողմ յարաբերութիւններն ալ աւելի խորացնելու ու զարգացնելու գործին մէջ:

«Ես լաւատես եմ՝ հենց այդպէս էլ կը լինի, քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները մենք դիտարկում ենք որպէս բարեկամ երկիր, պետութիւն, որը միլիոնաւոր հայերի համար դարձել է երկրորդ հայրենիք: Լաւատես եմ, որովհետեւ մենք այստեղ ունենք հաւատարիմ, ազնիւ եւ անշահախնդիր բարեկամներ, ովքեր արդէն երկար տարիներ մշտապէս Արցախի հետ են, աջակցում են մեր ժողովրդին, աշխարհին ճշմարիտ տեղեկութիւններ ներկայացնում մեր երկրի մասին: Մենք բարձր ենք գնահատում մեր բարեկամական կապերը՝ դրանք համարելով մեծ հարստութիւն», շեշտած է իր ելոյթին մէջ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը:

Բակօ Սահակեանը նշած է, որ հանրապետութեան մէջ կը կարեւորեն ամերիկացիներու սատարումը Արցախին, եւ այստեղ իրենց ուրոյն տեղը ունին ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատն ու ծերակոյտը, բարեկամ երեսփոխաններն ու ծերակուտականները:

Նախագահը արժեւորած է Ուաշինկթընի շօշափելի դերակատարութիւնը մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդարացի կարգաւորման գործին մէջ:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու խորացումը եղած է, կայ եւ կը մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար ուղղութիւններից մէկը»,- ընդգծած է Նախագահ Սահակեանը:

Նախագահը Արցախի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ յանձնած է ԱՄՆ խումբ մը երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու՝ Արցախին սատարելու եւ Արցախ-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ շօշափելի ներդրում ունենալու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment