Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւը Հայաստանի Նկատմամբ Միջազգային Պատժամիջոցներու Կոչ Կ’ընէ

Ալիեւը Հայաստանի Նկատմամբ Միջազգային Պատժամիջոցներու Կոչ Կ’ընէ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան՝ պատժամիջոցներ սահմանել Հայաստանի նկատմամբ: «Ղարաբաղեան խնդիրի չկարգաւորուելու միակ պատճառը Հայաստանն է, որ կը հրաժարի ազատել գրաւած տարածքները», – պնդած է Իլհամ Ալիեւը, ելոյթ ունենալով Պաքուի վեցերորդ միջազգային համաժողովին, որուն մասնակցած էին տասնեակ երկիրներու գործող ու նախկին պաշտօնեաներ:

«Ներկայիս հաստատուած սահմանը չի կրնար յաւերժ շարունակուիլ, որու մասին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները յայտարարած են: Այս հակամարտութիւնը ոչ միայն անարդարութիւն է, այլեւ տարածաշրջանի մէջ մշտական սպառնալիքի ու անկայունութեան աղբիւր»,- ըսած է Իլհամ Ալիեւը:

Ղարաբաղեան խնդիրի մասին խօսած է նաեւ համաժողովին մասնակցող Թուրքիոյ վարչապետը՝ պնդելով, թէ Անգարան այս հարցին մէջ մշտապէս եղած է եւ կը մնայ Ատրպէյճանի կողքին: «Եթէ մեր եղբայրական պետութեան սպառնան, անմիջապէս պատասխան կը ստանան»,- յայտարարած է Պինալի Եըլտըրըմը:

Միջազգային համաժողովէն բացի Պաքուի մէջ մեկնարկած է նաեւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու առաջին քառակողմ հանդիպումը, որու աւարտին չորս երկիրները համատեղ հռչակագիր ընդունած են՝ աջակցութիւն յայտնելով միմեանց տարածքային ամբողջականութեանն ու սահմաններու անքակտելիութեան:

Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Իրանն ու Թուրքիան կ’ուզեն ամրապնդել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Տարածաշրջանի հակամարտութիւններէն բացի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են նաեւ նոր՝ Հարաւ-արեւմուտք փոխադրամիջոցային միջանցքի կառուցման հեռանկարը, որով կը նախատեսուի Հնդկաստանէն բեռերը հասցնել Եւրոպա՝ Իրանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ տարածքներով: Պաշտօնեաները կը պնդեն, որ շուրջ 5 հազար քիլոմեթր ձգուող այս ճանապարհը թոյլ կու տայ էականօրէն կրճատել բեռնափոխադրումներու ժամանակը, նախնական հաշուարկներով՝ ներկայիս 35 օրուայ փոխարէն բեռերը Հնդկաստանէն Եւրոպա կը հասնին ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին:

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մոհամմէտ Ճաուատ Զարիֆը նշած է, որ Իրանը եւս կ’ուզէ միանալ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագիծին՝ հասցնելով այն մինչեւ Թաւրիզ: Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ հանդիպման քննարկուած է նաեւ այս հարցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment