Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատը Անդրանիկ Հանրահաւաքը Իրականացուց

«Յանուն Հայաստան Պետութեան» Ճակատը Անդրանիկ Հանրահաւաքը Իրականացուց

by MassisPost

Անցնող Շաբաթ օր Երեւանի Ազատութեան հրապարակի վրայ անդրանիկ հանրահաւաքը իրականացուց «Յանուն Հայաստան պետութեան» ճակատը:

Այս շարժումը կամ նախաձեռնութիւնը կը յաւակնի դառնալ այն բեմը, որ կը պայքարի իշխանափոխութեան համար: Ճակատը կը փորձէ իր շուրջ համախմբել տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններ, անհատներ:

Յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Մարտի 16-ին:

Հանրահաւաքին ներկայ էին Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը, խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեանը, շարք մը իրաւապաշտպաններ:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը ելոյթ ունեցած է եւ խօսած է Հայաստանի մէջ «քաղբանտարկեալներու» մասին մասնաւորապէս նշելով Շանթ Յարութիւնեանի, Ժիրայր Սեֆիլեանի, Անտրիաս Ղուկասեանի անունները: Ան յայտարարած է, որ անընդունելի է այս դարուն ունենալ նման վճիռներով բանտարկեալներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment