Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը Երբեք Այնքան Մօտ Չեն Եղած, Ինչքան Այսօր. Մոկերինի

Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը Երբեք Այնքան Մօտ Չեն Եղած, Ինչքան Այսօր. Մոկերինի

by MassisPost

Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը երբեք այնքան մօտ չեն եղած, ինչպէս այժմ։ Այդ մասին յայտարարած է Եւրամիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին՝ այս օրերուն Երեւանի մէջ իրականացուող «Եւրոպական ծրագրաւորման  խորհրդաժողովի» մասնակիցներուն յղած իր տեսաուղերձի ընթացքին։

Ընդգծելով, որ նախորդ տարուան Նոյեմբերին Պրիւսէլի մէջ Հայաստանի հետ Եւրամիութիւնը երեք հիմնարար համաձայնագիր  կնքած է, Մոկերինին յոյս յայտնած է, որ անոնք կը բարելաւեն մարդոց կեանքը ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ՝ Եւրոպական Միութեան մէջ։

Յիշեցնենք՝ 2017 թուականի Նոյեմբերի 24-ին Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի  եւ Եւրամիութեան միջեւ ստորագրուեցաւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը ստորագրեցին Հայաստանի արտգործնախարար Էտուարտ Նալպանտեանը եւ Եւրամիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Մոկերինին` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրամիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Տուսկի ներկայութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment