Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Փակ Աշխատող Նախագահը Որոշել է Նոյն Կերպ Աշխատել Նաեւ Որպէս Վարչապետ»․ Մելիքեան

«Փակ Աշխատող Նախագահը Որոշել է Նոյն Կերպ Աշխատել Նաեւ Որպէս Վարչապետ»․ Մելիքեան

by MassisPost

Հայաստանեան լրատուամիջոցներու շարք մը խմբագիրներ ու խօսքի ազատութեան հարցերով զբաղող իրաւապաշտպաններ կը պատրաստուին առաջիկայ օրերուն քննարկել պետական կառոյցներու մէջ լրագրողներու գործունէութեան սահմանափակումներու դէմ հնարաւոր հակաքայլերը:

«Լրատուամիջոցների համար փակ աշխատող նախագահը որոշել է նոյն կերպ փակ աշխատել նաեւ որպէս վարչապետ»,- յայտարարած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեանը: Անոր կարծիքով ճիշդ այդ է պատճառը, որ Կառավարութիւնը հաւանութիւն ցուցաբերեց նիստերը դռնփակ իրականացնելու վերաբերեալ օրինագիծը:

«Հրապարակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արմինէ Օհանեանի կարծիքով՝ ամէն տարի լրատուամիջոցներու գործունէութեան սահմանափակումները աւելի կը խստանան: Ըստ Օհանեանի՝ տրամաբանական է, երբ լրատուամիջոցներու համար երկրի առաջին դէմքի ոչ բաց գործելու օրինակին կը հետեւին նաեւ այլ կառոյցներ, ինչպէս օրինակ Երեւանի քաղաքապետարանը, ուր յառաջիկային հնարաւոր է լրագրողներու գործունէութեան նոր արգելքներ իրականացուին:

«Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աննա Յակոբեանի դիտարկմամբ, եթէ  անցեալին լրագրողներու գործունէութեան հիմնական արգելքը անոնց դէմ բռնի ուժի կիրառումն էր ու դատական հայցերով ճնշումը, ապա հիմա իշխանութիւնը կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը օրէնքներու ու որոշումներու միջոցով:

Վերջին տարիներուն ընդունուած են պետական կառոյցներու, յատկապէս երկրի առաջին դէմքերու գործունէութեան լուսաբանումն ու տեղեկատուութեան տրամադրումը սահմանափակող քանի մը օրինագիծեր, յիշեցուց Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավար Աշոտ Մելիքեանը, ընդգծելով՝ լրագրողներու դէմ դռներու փակումը կը յանգեցնէ նաեւ լրատուութեան որակի նկատելի անկման:

Քննարկման մասնակիցները համաձայնեցան, որ լրագրողական համայնքը, անկախ ներքին տարաձայնութիւններէն, պէտք է միասնաբար հանդէս գայ սպասուող սահմանափակումներու դէմ եւ որոշեցին առաջիկային քննարկել հնարաւոր քայլերը՝ չբացառելով աշխոյժ պայքարի միջոցները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment