Հայաստան մեղադրեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման միջազգային ջանքերու խափանման մէջ, երբ ան կրկին յայտարարեց, որ Երեւանը եւ Հայաստանի այլ տարածքներ «պատմական ատրպէյճանական հողեր են»:
«Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութեան նախընտրական համաժողովի ընթացքին Ալիեւը խոստացած է «ատրպէյճանցիներուն վերադարձնել» Երեւանը եւ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան Սիւնիքի մարզը:
«Մենք պէտք չէ մոռանանք մեր պատմական հողերու մասին», – ըսած է ան: «Այդ պէտք է որոշէ մեր ապագայ գործունէութիւնը, եւ մենք արդէն կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Մեր պատմական հողերն են‘ Երեւանի խանութիւնը, Զանգեզուրը եւ Գէյչան»: «Այս մեր ռազմավարական նպատակն է եւ մենք պէտք է աստիճանաբար մօտենանք այդ նպատակին հասնելու համար», – յայտարարած է Ալիեւ:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ալիեւի այս խօսքերուն պատասխանելով յայտարարեց որ, «Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջները ցոյց կու տան Պաքուի իշխող ռեժիմի ռասիստական էութիւնը»: