Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Մարտի 1-ի Քրէական Գործը չէ Կարճուած. Գլխաւոր Դատախազ

Մարտի 1-ի Քրէական Գործը չէ Կարճուած. Գլխաւոր Դատախազ

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի գործով քրէական գործը չէ կարճուած եւ այս պահուն կարճուելու միտում չունի: Այս մասին երէկ՝ Փետրուար 9-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւիթեանը, կը յայտնէ News.am-ը:

«Կատարւում են բազմածաւալ քննչական գործողութիւններ: Երբ մենք ունենանք այնպիսի իրավիճակ, որ որեւէ նոր անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու առիթ լինի, մենք հրապարակային կը յայտնենք այդ մասին»,- ըսած է Արթուր Դաւիթեանը:

Գլխաւոր դատախազը չէ համաձայնած լրագրողներու այն դիտարկման, թէ վարոյթը իրականացնող մարմինը անգործութեան մատնուած է. «Միայն 2017-ին 100-է աւելի անձ է հարցաքննուել, տասնեակից աւելի փորձաքննութիւններ են նշանակուել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment