Home ԱՅԼԱԶԱՆ «Զարգացում Մեր Ուժերով». Հայկական Դպրոցներու Տնօրէններուն Ուղղուած Աշխատանոց

«Զարգացում Մեր Ուժերով». Հայկական Դպրոցներու Տնօրէններուն Ուղղուած Աշխատանոց

by MassisPost

 

«Այս գործակցութիւնը եւ հարթակը մեր ըմբռնումի եւ կիրառումի ձեւերուն մէջ հսկայական տեղաշարժ մը յառաջացնելու կարողութիւնը ունին»։ Մասնակից տնօրէն մը

Յունուար 11-13 ին, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու 29 տնօրէններ առաջին անգամ ըլլալով մէկտեղուած էին «Զարգացում մեր ուժերով. կրթական ղեկավարութիւն եւ լեզուի իւրացում սփիւռքահայ դպրոցներուն մէջ» եռօրեայ աշխատանոցին մասնակցելու համար։ Աշխատանոցը, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանին (UCLA) պատերէն ներս, «Գալուստ Կիւլպէնկեան»հիմնարկութեան (Լիզպոն, Փորթուկալ) Հայկական Համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութիւնը կը վայելէր, նոյն համալսարանի Ազգային Ժառանգական Հնարամիջոցներու Կեդրոնին եւ Մերձաւոր Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու բաժանմունքին սերտ համագործակցութեամբ։

Աշխատանոցին նպատակն էր հաւաքաբար քննարկել, թէ իւրաքանչիւր տնօրէն ինչպէ՛ս կրնայ հայերէնի վերակենդանացման ուղղուած նոր մանկավարժական մեթոտները առանձնացնել ու կիրարկել։ Լեզուի իւրացումը եւ ուսուցումը քանի մը մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին։ Օրինակ՝ տնօրէն մը դիտել տուաւ, թէ «երեխաներէն ակնկալել, որ հայերէն խօսին առանց “հայերէն խօսէ՛” բառերը արտասանելու, գրեթէ մտային խաղ մըն է, ընդունուած կանոններուն դէմ պայքար մը։ Ինչպէ՞ս կրնաս երեխայ մը դրդել, որ լեզու մը խօսի բնականօրէն»։ Ահա այդ երեք օրերու ընթացքին յարուցուած ու քննարկուած բազմաթիւ  հարցերէն մէկը։

Աշխատանոցը բաժնուած էր վեց նիստերու՝ տեսական ու գործնական բաժիններու համադրումով եւ հետեւեալ նիւթերու քննարկումով՝
-Ինչպէ՛ս մշակել դպրոցական համայնք մը եւ ի՛նչ կը նշանակէ դպրոցէն ներս, համագործակցական մշակոյթ մը.
-Փիլիսոփայական ու քննական մտածողութեամբ՝ ինչպէ՛ս բանալ մտքի պատուհանները.
-Ւնչպէ՛ս ապրիլ հայերէն լեզուն եւ հայերէնը դարձնել ապրող լեզու, շեշտը դրուած ըլլալով բազմալեզու կրթութեան եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան վրայ.
-Ինչպէ՛ս կառուցել լեզուական ներսուզումի (immersion) բնորդներ.
-Ինչպէ՛ս ներգրաւել ընթերցողներու եւ գրողներու սերունդ մը՝ դասարանային ստեղծարար գրագիտութեան մղում տալով։

Աւարտական նիստին, մասնակիցներէն խնդրուեցաւ, որ իրենց մտածումները կիսեն երկու հարցերու շուրջ։ Նախ՝ իբրեւ տնօրէններ, ի՞նչ քաղած էին աշխատանոցէն։ Երկրորդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլար իրենց յաջորդ քայլը։

Բոլոր տնօրէնները խանդավառ էին աշխատանոցի նիւթերով ու արդիւնքներով, ու կ՚ուզէին զանոնք անյապաղ կիսել իրենց ուսուցիչներուն, հոգաբարձութիւններուն եւ ծնողներուն հետ։ Նկատելի էին յանձնառութիւնները՝աշակերտներուն հետ աւելի յաճախ հայերէն խօսիլ, զանազան նիւթերու մասին անոնց հայերէնով ազատօրէն արտայայտուիլը քաջալերել, ուսուցչական պատրաստութեան ուղղութեամբ ներդրում կատարել, դասարաններէն ներս աշակերտներուն տարիքին յարմար հայերէն ընթերցանութեան գիրքեր ապահովել, եւ մանկավարժական մօտեցումները բարելաւելու ուղղուած նորանոր քայլերու դիմել։ Մասնակիցի մը խօսքով, «լեզուական իւրացումը կարծածիս չափ դժուար իրագործելի չէ եղեր։ Յարմար պատրաստութեամբ, բոլոր ուսուցիչները կրնան արդիւնաւէտ աշխատանք տանիլ՝ սահուն հայախօս աշակերտներ ունենալու համար»։ Ուրիշ մասնակից մը աւելցուց. «Լեզուական ուսուցման օժանդակող բազմաթիւ նիւթեր կան։ Դիւրաւ գտանելի են, արդիւնաւէտ են, ու պատրաստ՝ գործածուելու»։

Բոլոր մասնակիցները անդրադարձան, որ առանձին չեն այս հիմնական խնդիրներուն դէմ. բազմաթիւ մարտահրաւէրներ հասարակաց են, եւ լուծումները հաւաքական որոնումի արդիւնք ալ կրնան ըլլալ։  «Շատ կարեւոր է, որ աւելի յաճախ հանդի-պինք եւ մեր ամէն օր դիմագրաւած նմանօրինակ իրավիճակները միասին քննարկենք», ըսաւ տնօրէններէն մէկը։

«Այս ձեռնարկը անկիւնադարձային էր՝ դպրոցներու հետ կապուած մեր ծրագիրներուն մէջ», ըսաւ Հայկական Համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը, «եւ շատ ուրախ ենք, որ UCLA-ի հետ միասնաբար կազմակերպեցինք զայն։ Սրահին մէջ տիրող խանդավառութիւնը, տնօրէններուն յանձնառութիւնը, նաեւ՝ դպրոցներուն եւ հայերէն լեզուին վրայ այս աշխատանոցին ունենալիք ազդեցութիւնը կասկածէ վեր են։ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի գրեթէ բոլոր հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու տնօրէնները ներկայ էին, Արժանթինէն կարեւոր մասնակցութիւն մըն ալ կար։ Աշխատանոցը մեզի նոր ներշնչում տուաւ մեր աշխատանքը շարունակելու՝ հայերէնը դարձնելու համար հնչեղ լեզու մը Սփիւռքի մէջ եւ Սփիւռքի համար»։

Աշխատանոցին նիստերը վարողներն էին. Տեպի Թալուքտար (Մանուկներու Փիլիսոփայութեան Կեդրոն, Ուաշինկթըն համալսարան, ԱՄՆ), Շուշան Կարապետեան (Ազգային Ժառանգական Լեզուներու Պաշարի Կեդրոն, UCLA,ԱՄՆ), Անի Կարմիրեան (արեւմտահայերէնի վերակենդանացման ծրագիրներու պատասխանատու, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւն, Փորթուկալ), Յակոբ Կիւլլիւճեան (արեւմտահայերէնի դասախօս, UCLA, ԱՄՆ), Էյմի Հիւյզ (անգլերէնի ուսուցչուհի, Մանչեսթըր շրջանային դպրոց, Հէյլտոն, ԱՄՆ), Կիլ Շմերլըր («Կրթական փոփոխութեան ղեկավարութիւն» ծրագրի տնօրէն, Պէնք Սթրիթ ուսուցչանոց, ԱՄՆ); Ռոպըրթ Մ. Ուրիու (քաղաքականգիտութիւններու փրոֆեսոր, UC Irvine, եւ Օրէնճ Քոսթ Կաքուէն ճափոնական դպրոցի տնօրէն, ԱՄՆ), Անահիտ Սարգիսեան (ուսուցիչ, հեղինակ եւ հրատարակիչ, Ֆրանսա), Անահիտ Տօնապետեան (հայերէնի ամպիոնի վարիչ,Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկ, Ֆրանսա)։

Աշխատանոցին մասնակցող տնօրէններն էին.
Միացեալ Նահանգներ
Քոյր Լուսիա Ալ Հայէք՝ Հայ Քոյրերու Վարժարանի տնօրէն (Մանթռոզ, Գալիֆորնիա)
Արսինէ Աղազարեան՝ Ս. Աստուածածին Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուրի վարիչ (Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա)
Կրէյս Անտոնեան՝ Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Սան Ֆրանսիսքօ, Գալիֆորնիա)
Մարալ Արոյեան-Պոյաճեան՝ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանի տնօրէն (Ալթատինա, Գալիֆորնիա)
Լինա Արսլանեան՝ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարանի տնօրէն (Շըրմըն Օքս, Գալիֆորնիա)
Արփի Աւանէսեան՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի տնօրէն (Գընոկա Փարք, Գալիֆորնիա)
Մայքըլ Բրէթ՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարանի տնօրէն (Փասատինա, Գալիֆորնիա)
Սոնիա Գազանճեան՝ Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մանկամսուրի վարիչ (Մանթռոզ, Գալիֆորնիա)
Վեհիկ Գաբրիէլեան՝ Ս. Նահատակաց ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուրի վարիչ (Նորթ Հիլլս, Գալիֆորնիա)
Ժան Գոսաքեան՝ Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան Նախակրթարանի տնօրէն (Նորթ Հիլլս, Գալիֆորնիա)
Սեդա Դաւիթեան-Մկրեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէն (Օքլընտ Կարտընս, Նու Եորք)
Ալինէ Դուրեան՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա)
Անգին Իսկաջեան՝ Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ Մանկամսուրի վարիչ (Փիքօ Րիվերա, Գալիֆորնիա)
Դաւիթ Ղուկասեան՝ Մեսրոպեան Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Փիքօ Րիվերա, Գալիֆորնիա)
Շահէ Մանկրեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան Վարժարանի տնօրէն (Փասատինա, Գալիֆորնիա)
Քրիսթինա Մովսէսեան՝ ՀՕՄ-ի “Մայր” Մասնաճիւղի Մարի Փոստոյեան Մանկամսուրի վարիչ (Լոս Անճելըս, Գալիֆորնիա)
Քոյր Էմմա Մուսայեան՝ Հայ Քոյրերու Վարժարանի տնօրէն (Րատնոր, Փենսիլվանիա)
Սօսի Շանլեան՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի տնօրէն (Էնսինո, Գալիֆորնիա)
Սանան Շիրինեան՝ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Սանթա Անա, Գալիֆորնիա)
Կարին Չուքատարեան՝ Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի վարիչ (Փասատինա, Գալիֆորնիա)
Հուրի Պոյամեան՝ Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Ուաթըրթաւն, Մասսաչուսեթս)
Յովսէփ Թորոսեան՝ ՀԲԸՄ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանի տնօրէն (Սաւթֆիլտ, Միշիկըն)
Թալին Քարկոտորեան՝ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային Վարժարանի տնօրէն (Կլենտէյլ, Գալիֆորնիա

Գանատա
Լորի Ապրաքեան՝ Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի փոխ-տնօրէն (Մոնթրէալ, Քանատա)
Րաֆֆի Սարգիսեան՝ ՀՕՄ-ի Ամենօրեայ վարժարանի տնօրէն (Թորոնթօ, Քանատա)
Շահէ Թանաշեան՝ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան Վարժարանի տնօրէն (Մոնթրէալ, Քանատա)

Արժանթին
Կրասիէլա Այնաճեան՝ Խրիմեան Վարժարան (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)
Էլենա Աշճեան՝ ՀԲԸՄ «Մարի Մանուկեան» Կրթական Հաստատութիւն
Ալիսիա Ներկիզեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութիւն (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment