«ԵԼՔ» դաշինքի՝ ընդդէմ թանկացումներու երթը՝ «Ո՛չ թանկացումներուն եւ հարկային բեռի աւելացման» կարգախօսով երէկ մեկնարկած էր Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն։
Նշենք, որ որեւէ քաղաքական ուժ յայտարարութեամբ չմիացաւ դաշինքի նախաձեռնած թանկացումներու դէմ պայքարին:
«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը մէկ անգամ եւս իրազեկեց, թէ ինչն է այս թանկացումներու պատճառը եւ յայտարարեց, թէ այս երթով կը մեկնարկուի թանկացումներու դէմ պայքարը:
«Ելք»ը երթը սկսած էր խորհրդանշական ինքնաշարժ մը հրելով: Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ինքնաշարժը կը խորհրդանշէ Հայաստանի ներկայիս տնտեսութիւնը, խորհրդանշելով նաեւ ՝կազի գինի թանկացումը:
ԵԼՔ դաշինքի երթը աւարտած էր Հիւսիսային պողոտայի վրայ: Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է, որ ԵԼՔ դաշինքը այսօր իրականացուցած է իր երբեւէ ամենաբազմամարդ եւ խանդավառութեամբ լեցուն երթը.
«Ես ուզում եմ ձեզ հաւաստիացնել, իմ զգացողութիւնն ասում է, որ ԵԼՔ-ն յառաջիկայում կ’իրականացնի նաեւ ՀՀ պատմութեան ամենաբազմամարդ, ամենահզօր եւ ամենավճռորոշ երթը»,- յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը:
«Ինչու մենք քայլեցինք Երեւանի փողոցներով: Քայլեցինք՝ արձանագրելու, որ ՀՀ-ում մեկնարկել է մի փոքրիկ գործընթաց, որով արձանագրուելու է, որ ՀՀ քաղաքացիների մեծամասնութիւնը թանկացմանն ասում է՝ ոչ, թալանին ասում է՝ ոչ»:
Փաշինեանը յայտարարած է, որ յաջորդ երթը տեղի պիտի ունենայ 5 փետրուարին, որն պիտի ունենայ յստակ նպատակ եւ պահանջ։
Եթէ մինչ այդ իշխանութիւնը չնախաձեռնէ Հարկայինի օրէնսգիրքի փոփոխութիւն, ուրեմն, ԵԼՔ-ը վերջնական տեսքի պիտի բերէ Հարկայինի օրէնսգիրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին իր տարբերակը: