Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Պէյլանի Հայրենակցական Միութեան Տիկնանց Բաժանմունքի Սուրբ Ծննդեան Հաւաքոյթը

Պէյլանի Հայրենակցական Միութեան Տիկնանց Բաժանմունքի Սուրբ Ծննդեան Հաւաքոյթը

by MassisPost

Ս. ՄԱՃԱՌԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23-ի երեկոյեան ժամը 7-էն մինչեւ ուշ գիշեր, Կլէնտէյլի Little Impressions-ի գեղեցկօրէն զարդարուած սրահին մէջ, շուրջ 100 պէյլանցիներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ  տեղի ունեցաւ Պէյլանի հայրենակցական միութեան վարչութեան Տիկնանց բաժանմունքի  Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը:

Տիկնանցի քարտուղարուհի Վարսեր Մարգարեան զուարթ երեկոյի բացումը կատարելով, բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ, Քրիստոսի Ս. Ծնունդը շնորհաւորելէ,   առ Աստուած ուղղուած յոտընկայս աղօթքի հրաւիրելէ ետք ներկաները, հրաւիրեց Պէյլանի վարչութեան ատենապետ Պր. Մանուկ Տօնոյեանը, որ իր պատգամը տայ: Իր կարգին բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ ետք, Պր. Տօնոյեան ըսաւ. «Եկել էք մեզ հետ վայելելու մեր Տիկնանցի Ս. Ծննդեան ուրախ երեկոն: Շնորհակալութիւն բոլորիդ: Շատ ուրախ ենք, շատ ծրագրեր ունենք, որ միւս տարի կը կատարենք:  Ուրեմն, կեցցէ մեր Տիկնանց միութիւնը»: (Բուռն ծափահարութիւններ):

Ապա, Վարսեր Մարգարեան շնորհակալութիւն յայտնեց այդ գիշեր սաքսոֆոնի վրայ արտակարգօրէն հայերէն, ամերիկեան եւ միջազգային գեղեցիկ երաժշտութիւն հրամցնող  վարպետ Վանիկին, վիտէոյի վրայ նկարահանող Յարութին եւ իր որդիին, Little Russia-ի սեփականատէր Խաչիկին եւ ծառայողներուն:  Ուրախութեամբ նշեց որ սրահին մէջ ներկայ են հիւրեր, ինչպէս նաեւ Պէյլանի նախկին ատենապետ Պր. Տիգրան եւ Տիկին Վարդուհի Սարաֆեանները, առողջութիւն մաղթեց ծանր հիւանդութենէ կազդուրուած Տիկ. Վարդուհիին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ առթիւ միութեան իր  կատարած 100 տոլարի նուիրատուութեան համար: Շարունակելով իր խօսքը, Վարսեր Մարգարեան նմանապէս ողջունեց սրահին մէջ ներկայութիւնը երգչուհիներ Սիւզի Մազմանեանի եւ Մագի/Մարգարիտ Խլղաթեանի: Ապա, ըսելէ ետք թէ երեկոյի յայտագրի ընթացքին պիտի ըլլայ գեղեցիկ ու հաճելի անակնկալ մը, ինչպէս նաեւ յիշեցնելէ ետք, որ միութիւնը մեծ պատրաստութեամբ պիտի տօնէ Մայրերու օրը յառաջիկայ Մայիսին, բարի ախորժակ մաղթեց բոլորին:

Համով-հոտով աղանդերներու, ոգելից ըմպելիներու, հաւի եւ միսի խորովածներու ընթրիքէն ետք, տեղի ունեցաւ  Վարսեր Մարգարեանի խոստացած հաճելի անակնկալը. Տիկնանցը Պէյլանի բարբառով ներկայացուց ամուսնութեան տրամա մը, որ իր խօսակցական, գեղջկական բովանդակութեամբ, մթնոլորտով, խաղարկութեամբ ու կերպարներու հարազատ պատկերաւորումներով շարունակական խնդուքի ալիք մը ստեղծեց սրահին մէջ: Այսպէս, միութեան հիմնադիրներէն Տիկ. Վիքթորիա Կիւզէլեանի պատրաստած Պէյլանի գեղջկական տարազներով բեմ եկած Վարսեր Մարգարեան` կեսուր մայր Վիկտորի դերով, Ճէք Խուրշիտեան` փեսայ Պօղոսի դերով, Մարգարիտ Գարայեան` հարս Մայրենիի դերով,  Եղիսաբէթ Մարոնեան` Աղսօ նէնէի դերով եւ Սիւզի Հէքիմեան` Մարիամ նէնէի դերով, անդադրում ծիծաղի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ եւ արժանացան ջերմ ծափահարութեանց:

Գեղարուեստական վայելքի գեղեցիկ պահ մը եղաւ անուանի սոփրանօ Սիւզի Մազմանեանի ժողովրդական երկու երգերու սքանչելի կատարումները, արժանանալով ներկաներու միահամուր ջերմ ծափահարութիւններուն: Նմանապէս, երգչուհի, երաժիշտ եւ արտադրիչ (producer) Մագի/Մարգարիտա Խլղաթեան ժողովրդական երկու երգերէ ետք, Սուփըր Սագոյի «Մի գնայ, գնայ» աշխոյժ երգին հնչիւններուն տակ պարողներով ողողուած պարահրապարակի խանդավառութիւնը հասցուց իր գագաթնակէտին: Շնորհակալութիւն յայտնելով, Մակին արդար եւ իրաւ կերպով շեշտեց, թէ պէյլանցի, հայաստանցի, սփիւռքցի` պարսկահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ թէ արժանթինահայ, բոլորս ալ մէկ ազգ ենք, միասնական ոգիով պէտք է սատարենք Հայաստանի հզօրացման ու վերելքին:

Տեղի ունեցաւ պարի մրցում: Իր վաղամեռիկ ամուսնոյն` Մարթինի յիշատակին սրտագրաւ, ներամփոփ ինքնուրոյն ապրումներով ու արտայայտութիւններով  յագեցած պարով հանդէս գալով, տիկ. Աստղիկ Խաչատրեան արդար եւ իրաւ կերպով արժանացաւ առաջնութեան մրցանակին:

Ներկաներու կողմէ կատարուեցան սրամիտ կատակախօսութիւններ:

Ամէն ինչով գնահատելի Պէյլանի Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը կէս գիշերին վերջ գտաւ, Տիկնանցի բոլոր անդամներուն ապահովելով ջերմ  «պրավօՙներ  եւ նոյնքան ջերմ շնորհակալութիւններ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment