Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեսպանը Ալեքսանդր Արզումանեանի Դատը Ընդդէմ Հայաստանի

Դեսպանը Ալեքսանդր Արզումանեանի Դատը Ընդդէմ Հայաստանի

by MassisPost

11 Յունուարին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը պիտի հրապարակէ հերթական վճիռը՝ ընդդէմ  Հայաստանի Հանրապետութեան։

Դիմում կատարողը  Դանիոյ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Ալեքսանդր Արզումանեանն է, որ դատարանին  հայց  ներկայացուցած է   տարիներ առաջ՝ մինչեւ նշանակումը: Ան դեսպան նշանակուած է 2017-ին։

Որպէս Արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ «Քաղաքացիական անհնազանդութիւն» շարժման առաջնորդ, Ալեքսանդր Արզումանեանը բողոքարկած է իրեն կալանքի տակ պահելու հանգամանքը՝  «Փողերու լուացման» յայտնի գործով։

Ալեքսանտր Արզումանեանը  ձերբակալուած էր 2007 թուականի մայիսին եւ կալանաւորուած ապօրինի եկամուտների օրինականացման կասկածանքով։

Դատարանը կալանքի որոշման հիմք ընդունած է  յանցանքի վտանգաւորութեան, կրկնայանցագործութեան եւ  իրաւապահներէն թաքնուելու հիմքերը։

Անոր կալանքը անընդհատ երկարաձգուած է  մինչեւ 2007-ի սեպտեմբեր, որմէ ետք խափանման միջոցը փոխուած է Հանրապետութենէն չբացայակելու ստորագրութեամբ։

Ալեքսանդր Արզումանեանը  կը համարէ, որ խախտուած են  Ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան , ողջամիտ ժամկէտի մէջ դատական քննութեան իրաւունքները։

Յիշեցնենք, որ 2007-ին  Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը  յայտարարած էր,  որ  «Վահան Շիրխանեանը եւ Ալեքսանդր Արզումանեանը գտնուած են Մոսկուայի մէջ եւ համաձայնութեան գալով 2005 թուականէն ֆինանսական զեղծարարութեան համար հետախուզման մէջ գտնուող Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացի Լեւոն Մարկոսի հետ, կասկածելի ծագում ունեցող գումար տեղափոխած են Հայաստան»:

Ալեքսանդր Արզումանեանը չէ ընդունած մեղադրանքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment