Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ ՆԳ Նախարար.- Հայ–Թրքական Սահմանին Պատ Պիտի Չկառուցենք

Թուրքիոյ ՆԳ Նախարար.- Հայ–Թրքական Սահմանին Պատ Պիտի Չկառուցենք

by MassisPost

Թուրքիոյ ՆԳ նախարար Սուլէյման Սոյլուն յայտարարած է, թէ Թուրքիա–Հայաստան եւ Թուրքիա–Վրաստան սահմանին պատ պիտի չկառուցուի։

Թրքական «Hurriyet»–ի փոխանցմամբ, Թուրքիոյ ՆԳ նախարարը շեշտած է, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ սահմանի երկայնքով պատ կառուցելու փոխարէն պարզապէս պիտի տեղադրուին սահմաններու անվտանգութիւնը հսկող ելեկտրոնային սարքաւորումներ։

Սուլէյման Սոյլուն նշած է, թէ Իրանի հետ սահմանին կառուցուող պատին 50 տոկոսը արդէն պատրաստ է։ Ան շեշտած է, թէ պատի կառուցման հարցով Իրանը կառուցողական դիրքորոշում ցուցաբերած է եւ օգնած է Թուրքիոյ։

Նշենք, որ աւելի վաղ թրքական մամուլի մէջ յայտնուած էին տեղեկութիւններ այն մասին, որ Թուրքիա կը նախատեսէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ սահմանին եւս պատ կառուցել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment