Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեսպան Ռիչարտ Միլզի Տօնական Մաղթանք կը Յղեն Հայաստանի Ժողովուրդին

Դեսպան Ռիչարտ Միլզի Տօնական Մաղթանք կը Յղեն Հայաստանի Ժողովուրդին

by MassisPost

«Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները խարսխուած են ընդհանուր արժէքներու ու փոխադարձ յարգանքի վրայ»: Նոր տարուան ընդառաջ ամփոփելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը՝ կը նշեն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան աշխատակիցները:

Տեսանիւթին մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլզը եւ դեսպանատան աշխատակիցներն կ’ամփոփեն վերջին 25 տարիներու ձեռքբերումներն ու հայերէնով իրենց տօնական մաղթանքը կը յղեն Հայաստանի ժողովուրդին:

«Վերջին 25 տարիներու ընթացքին մենք տրամադրած ենք աւելի քան մէկ միլիառ ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն ուժանիւթի եւ ընկերային ոլորտներու բարեփոխումներպւ, պիզնէս միջավայրի զարգացման, անկախ լրատուամիջոցներու ու քաղաքացիական աշխոյժութեան խթանման համար»,-նշած են անոնք :

Դեսպանատան տնտեսական հարցերով պատասխանատու Ռաֆայէլ Սամպուն նշած է, որ վերջին երկու տարիներուն դեսպանատունը օգնած է ապահովել 600 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ներդրում, ինչի արդիւնքով աշխատատեղեր ստեղծուած են:

«Հիմնուելով հայ-ամերիկեան 25-ամեայ բարեկամութեան վրայ՝ ես անհամբեր կը սպասեմ, թէ ապագային մենք ուր պիտի հասնինք միասին»,-նշած է դեսպան Միլզը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment