Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հարուած Մը Եւս Ամերիկայի Հեղինակութեան

Հարուած Մը Եւս Ամերիկայի Հեղինակութեան

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը ձայներու հսկայ տարբերութեամբ  մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումը` Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի Մայրաքաղաք ճանչնալու կապակցութեամբ: 129 երկիրներ քուէարկեցին Ամերիկայի դէմ եւ միայն 9 փոքր երկիրներ Ամերիկայի հետ:

Տոնալտ Թրամփ  Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատունը  Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու  իր  որոշումով եկաւ խախտելու 70 տարուայ Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն մէկը` քաղաքի վերջնական կարգավիճակի ճշդումը   Իսրայէլի եւ Պաղեստինցիներու միջեւ ընթացող  բանակցութիւններուն ձգելու  վերաբերեալ:  Թրամփ անտեսելով ներքին ու արտաքին բազմաթիւ զգուշացումները, անգամ մը եւս դիմեց անհեռատես քայլի:

ՄԱԿ-էն ներս տեղի ունենալիք քուէարկութենէն առաջ   Թրամփի կատարած սպառնալիքները`  Ամերիկայի դէմ քուէարկող  երկիրներուն նիւթական օժանդակութենէն զրկելու գծով, անտեսուեցան հարիւրէ  աւելի  երկիրներու կողմէ:

Թրամփի  որոշումին դէմ կողմնորոշուեցան Ֆրանսան, Անգլիան, Գերմանիան, Ռուսաստանը, Չինաստանը եւ  եւրոպական գրեթէ բոլոր պետութիւնները: Ճիշդ որոշում կայացուց  նաեւ Հայաստանը, որու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եկաւ յայտարարելու որ,   Երուսաղէմի կարգավիճակի  հարցը միջազգային օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկն  է եւ կրնայ լուծում ստանալ միայն բանակցութիւններու միջոցով:

Նախագահ Թրամփ միջազգային թատերաբեմին վրայ իր առած քայլերով կու գայ հաստատելու  թէ,   զուրկ է արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող բարդ հարցերը ճիշդ վերլուծելու  եւ համապատասխան  որոշումներ կայացնելու կարողութենէն:

Ինչ  կը  վերաբերի    Թրամփի որոշումներուն չենթարկուող երկիրները Ամերիկեան օժանդակութենէն զրկելու մասին սպառնալիքին, հոս եւս ան կը սխալի: Այլ երկիրներուն  յատկացուող  նպաստներուն շնորհիւ Միացեալ Նահանգները իր ազդեցութիւնը կը տարածէ  այդ երկիրներէն ներս ու ձեռք կը ձգէ ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական շատ մը առաւելութիւններ` որոնք անհրաժեշտ են միջազգային գետնի վրայ Ամերիկայի ազդեցութեան գօտիներու ընդլայնման գծով:

Այսպիսով ՄԱկ-ի որոշումը ապտակ մըն եղաւ  Թրամփին ու նաեւ հարուած` Ամերիկայի միջազգային հեղինակութեան:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment