Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան կը Պահանջէ Դադրեցնել ԱՄՆ-ի Մէջ Էրտողանի Վարչակազմը Մերկացնող Դատավարութիւնը

Թուրքիան կը Պահանջէ Դադրեցնել ԱՄՆ-ի Մէջ Էրտողանի Վարչակազմը Մերկացնող Դատավարութիւնը

by MassisPost

Էրտողանի վարչակազմի զայրոյթը ԱՄՆ-ի մէջ իրանական ծագում ունեցող թուրք գործարարի մասնակցութեամբ դատական լսումներու շուրջ օր-օրի կը մեծնայ:

Պաշտօնական Անգարան պիտի դիմէ ամերիկեան իշխանութիւններուն` պահանջելով դադարեցնել գործարար Ռեզա Զարապի` Նիւ Եորքի դատարանէն ներս շարունակուող դատավարութիւնը: Այս մասին «24 TV» հեռուստաալիքի եթերին յայտարարած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլը: Անոր խօսքով, Իրանի դէմ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցները շրջանցելուն ուղղուած բազմամիլիառանոց գործարքներու մէջ մեղադրուող Զարապի դատավարութիւնը «օրինական չէ եւ պէտք է դադրեցուի»:

«Մենք չենք կրնար հանդուրժել դատավճիռ մը, որ կը հակասէ Թուրքիոյ շահերուն` ծանր հարուած հասցնելով ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ գործող երկու մերձաւոր դաշնակիցներու յարաբերութիւններուն», – յայտարարած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը:

Անցեալին ոսկիի առքուվաճառքով զբաղուող 34-ամեայ Զարապը աւելի վաղ ինքնախոստովանական ցուցմունք տուած էր եւ ընդունած, որ խումբ մը բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեաներու հետ օգնած է Իրանին շրջանցել ամերիկեան պատժամիջոցներն ու շուրջ մէկ միլիառ տոլարի շահոյթ ստանալ նաւթի եւ կազի վաճառքէն:

Իր մեղքը ընդունած եւ ամերիկեան իրաւապահներուն հետ համագործակցող՝ այժմ որպէս վկայ հանդէս եկող Զարապը թուարկած է խումբ մը թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներու անուններ, այդ շարքին՝ Էրտողանի, պնդելով, թէ անոնց թոյլտուութեամբ իրականացուած են այդ խոշոր գործարքները 2010-2015 թուականներուն:

Իրանի նկատմամբ ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները կ’ենթադրէին նաեւ Թեհրանը SWIFT համակարգէն զրկել, ինչի պատճառով ալ Իրանը, որ այն ժամանակ նաւթ կը մատակարարէր Թուրքիոյ, չէր կարենար իր ապրանքի դիմաց վճար ստանալ: Այդ գումարները կը փոխանցուէին թրքական HALK դրամատուն: Զարապի խօսքով, ինք օգնած է թրքական պետական դրամատան մէջ պահուող այդ գումարներով ոսկի գնել, որ մաքսանենգ ճանապարհով ուղարկուած է Տուպայ եւ կանխիկ վաճառուած, ստացուած գումարներն ալ ուղարկուած են Իրան:

Նշենք, որ մինչ Զարապի մասնակցութեամբ դատական լսումներու մեկնարկը, էրտողան կը փորձէր Օպամայի եւ Թրամբի վարչակազմերուն համոզել չեղարկել գործը: Դիւանագիտական ճանապարհներով արդիւնքի չհասնելով՝ պաշտօնական Անգարան սկսած է աւելի բարձր յայտարարել, որ Զարապը կիւլէնական է: Թրքական իշխանութիւնները կը պնդեն, որ ամերիկեան դատախազութիւնը Զարապի գործով հիմք ընդունած է փաստաթղթեր, որոնք կեղծուած են Կիւլէնի աջակիցներուն կողմէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment