Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան կը Պաշտպանէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Պաղեստինը. Թուրք Լրագրող

Էրտողան կը Պաշտպանէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Պաղեստինը. Թուրք Լրագրող

by MassisPost

Թրքական «Turkishnews.com» կայքի լրագրող եւ սիւնակագիր Ահմետ Կիւլէր դատապարտած է Թուրքիոյ նուիրուածութիւնը Պաղեստինին, յիշեցնելով, որ Պաղեստին կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ահմետ Կիւլէր «Turkishnews.com» կայքի իր հրապարակման մէջ նշած է, որ Պաղեստինի համար Թուրքիան աշխարհը ոտքի հանեց, Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչցաւ, սակայն մոռցաւ, որ Պաղեստինը 2015–ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի առթիւ նամականիշ թողարկած էր:

Թուրք լրագրողը կը յիշեցնէ նաեւ 18 յունուար 2016–ին հայկական Սուրբ Ծնունդի ժամանակ Բեթղէհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարին մէջ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի խօսքերը. «Բեթղեհեմի Սուրբ Ծննդեան տաճարին մէջ պատարագէն ետք իր խօսքին մէջ Մահմուտ Ապաս ըսաւ, որ հայերը այս երկրի աղն են եւ երբեք պիտի չլքեն այս հողերը: Պաղեստինի ժողովուրդի վիճակը Մահմուտ Ապաս նմանցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերու վիճակին: Բացի այդ ան Պաղեստին հրաւիրած է իր հայաստանցի գործընկեր Սերժ Սարգսեանը եւ յոյս յայտնած, որ Հայաստանի նախագահը կ’ընդունի հրաւէրը»,–գրած է «Turkishnews.com»–ի սիւնակագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment