Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները

Շարլ Ազնաւուր Քննադատած է Հայաստանի Իշխանութիւնները

by MassisPost

«Երբ մէկը երկու հաւկիթ կը գողնայ, կը բանտարկեն զինք, մինչդեռ այն մարդիկ, որոնք միլիոններ կը գողնան, անպատիժ կը մնան»,  ֆրանսական «Nouvelles d’Armenie» պարբերականին տուած հարցազրոյցի ժամանակ նշած է ֆրանսահայ երգիչ, երգահան Շարլ Ազնաւուրը, մատնանշելով, որ այս մէկը անընդունելի է:

«Պէտք է գիտակցինք, որ ունինք գեղեցիկ երկիր մը, որ պէտք է զարգացնել, այլապէս այն օր մը կրնայ անհետանալ այնպէս, ինչպէս անհետացած են որոշ հին քաղաքակրթութիւններ: Իսկ այս գործի պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ղեկավարները կը կրեն», – ըսած է Ազնաւուր:

Աշխարհահռչակ երգիչին խօսքով, ինք այս մասին խօսած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ․ – «Ես անոնց չեմ խնայեր: Կ’ըսեմ այն, ինչ կը մտածեմ»:

Ազնաւուր  նշած է, որ ինք իր գործունէութեամբ միշտ կը ջանայ Հայաստանի բարեկամները շատցնել ․ – «Ես կոչ կ’ընեմ մարդոց ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ, նուիրուիլ Հայաստանին»:

Ազնաւուրի համաձայն,  Հայաստանը այսօր շատ վատ ճամբու վրայ չէ, առաջ կ’երթայ, որոշ բաներ լաւ են, գլխաւոր խոչընդոտը, ինչպէս կ’ըսէ ան, խորհրդային հասարակարգին ձգած դրոշմն է, որմէ ամբողջապէս ազատելու համար դեռ քիչ մը ճանապարհ պէտք է անցնիլ:

Հանրայայտ երգիչը անդրադարձած է նաեւ «Շարլ Ազնաւուր» հիմնադրամին, որ փոխարինած է 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ետք ստեղծուած «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» միութեան:  Ան  ըսած  է, որ հիմնադրամը կը շարունակէ նախորդի մարդասիրական գործունէութիւնը՝ անօթեւան մարդոց օգնելու համար, բայց նաեւ մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալելէ:

Նշենք, որ Ազնաւուր Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներուն մէջ համերգներով հանդէս  պիտի  գայ  յառաջիկայ 20 Յունուարէն մինչեւ 6 Փետրուար  ժամանակաշրջանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment