Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ԵՄ Նոր Համաձայնագիրը Երկու Կողմերուն Համար ալ Մէկ Քայլ Առաջ էր. Գերմանացի Պատգամաւոր

ՀՀ-ԵՄ Նոր Համաձայնագիրը Երկու Կողմերուն Համար ալ Մէկ Քայլ Առաջ էր. Գերմանացի Պատգամաւոր

by MassisPost

Գերմանիոյ Պունտեսթակի (խորհրդարան) պատգամաւոր, Գերման-հայկական ֆորումի նախագահ Ալպերթ Վայլեր կը կարծէ, որ Հայաստան-Եւրոմիութիւն նոր համաձայնագիրը երկու կողմերուն համար ալ մէկ քայլ առաջ էր: Գերմանացի պատգամաւորը այս մասին յայտարարած է «Քոնրատ Ատենաուըր» հիմնադրամի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ կազմակերպուած քննարկման ժամանակ:

«Հայաստանը Գերմանիոյ համար կը դիտարկուի որպէս դրական երկիր՝ մասնաւորապէս նախորդ տարի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք: Կը կարծեմ, որ վերջին տարիներու ընթացքին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները աւելի աշխուժացած են»,-նշած է եւրոպացի գործիչը:

Ալպերթ Վայլերի խօսքով` Եւրոմիութիւնը Հայաստանէն կայուն եւ ժողովրդավար կառավարութիւն կ’ակնկալէ:

«Մենք պիտի օգնենք մեզ հասանելի բոլոր ուղղութիւններով՝ այն ոլորտներուն մէջ, որ կրնանք, եւ մասնաւորապէս, շեշտը պիտի դնենք կրթութեան ոլորտի վրայ, որու միջոցաւ աւելի շատ նպատակներ կը կարենանք իրականացնել»,-ըսած է գերմանացի քաղաքական գործիչը:

Հարցին, թէ ի՞նչ կը մտածէ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մասին, որպէս՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ կմուրջ, ան պատասխանած է.

«Կը կարծեմ, որ եւրոպացիները տուեալ դատողութիւնը շատ խելամիտ կը համարեն, եւ այո, մենք կ’ողջունենք, երբ երկկողմանի համագործակցութիւնը յաջողած կ’ըլլայ, քանի որ այդպիսով, մենք կը կարողանանք հասնիլ այն նպատակին, որ Հայաստանը որպէս կամուրջ ծառայէ նաեւ այդ երկու միութիւններուն միջեւ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment