Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քաղաքացիական Հասարակութեան Դերը Հայաստանի Մէջ» Թեմայով Հանրային Քննարկում

«Քաղաքացիական Հասարակութեան Դերը Հայաստանի Մէջ» Թեմայով Հանրային Քննարկում

by MassisPost

Իրաւապաշտպան  Աւետիք Իշխանեանը  «Հայաստանի Մէջ Ընտրողին Կամաց-Կամաց Քուէարկող Դարձուցին»
Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ընտրողին կամաց-կամաց քուէարկող դարձուցին: Ասոր վերջին ապացոյցը այս տարուան 2 Ապրիլի ընտրութիւններն էին, որ իրականութեան մէջ քուէարկութիւն էր: Այս մասին երէկ  «Քաղաքացիական հասարակութեան դերը Հայաստանի մէջ հանրային քաղաքականութեան օրակարգի ձեւաւորման եւ հաշուետու կառավարում ապահովելու մէջ» թեմայով հանրային քննարկման ժամանակ ըսած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեանը:

«Ինչպէ՞ս անցկացուեց այդ քուէարկութիւնը՝ ֆինանսական, թէ վարչական միջոցներով, կարեւոր չէ: Կարեւորն այն է, որ Ապրիլի 2-ին մենք ընտրողին դարձրեցինք հպատակ: Եւ քաղաքական ուժերն ի վերջոյ դարձան վերահսկելի ու կառավարուող», ըսած է Իշխանեանը:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ պաշտօնեաները յատկապէս վերջին շրջանին անընդհատ կոչ կ’ընեն չքաղաքականացնել դէպքերը:

«Հարցը հետեւեալն է՝ արդեօք քաղաքականութեամբ պէտք է զբաղուեն միայն քաղաքական գործիչները: Ոչ, քաղաքական գործիչները ձգտում են իշխանութեան, իսկ միւսները զբաղւում են քաղաքականութեամբ՝ առանց ձգտելու իշխանութեան: Այս տարբերութիւնը շատ յստակ է: Խօսքը հետեւեալի մասին է՝ պետութեան մէջ ժողովուրդը պէտք է զբաղուի քաղաքականութեամբ, թէ ոչ: Եթէ անցնենք Հայաստանին, ապա մեր Սահմանադրութեան հռչակագրային մասը մեզ տալիս է այդ իրաւունքները: Այնտեղ հռչակուած է իրաւական պետութիւն, դա ենթադրում է, որ Հայաստանում ոչ թէ հպատակներ են, այլ քաղաքացիներ, որոնք ունեն իրենց իրաւունքները եւ նաեւ քաղաքականացուած ազգ են: Ժողովրդավարական պետութիւնը հենց ենթադրում է քաղաքականացուած ազգ»,- ըսած է ան:

Իրաւապաշտպանի խօսքով, Հայաստանի մէջ սակայն իրականութիւնը այլ է: «Մեր երկրում հետեւողականօրէն վարւում է քաղաքացուն հպատակ դարձնելու քաղաքականութիւն: Իսկ իշխանութեան մէջ չգտնուող, բայց քաղաքականութեամբ զբաղուող քաղաքացիական հասարակութեան նկատմամբ հակաքարոզչութիւն է տարւում» ըսած է Իշխանեան:

Լեւոն Բարսեղեան  «Իշխանութիւնը մեր միջոցները մեր դէմ կ’օգտագործէ»
Իշխանութիւնը սեփական միջոցներ չունի, հանրութեան միջոցները պէտք է օգտագործէ ծառայութիւններ մատուցելու եւ երկրի մէջ բարեփոխումներ ընելու համար, սակայն Հայաստանի մէջ հակառակը տեղի կ’ունենայ: Այս մասին երէկ «Քաղաքացիական հասարակութեան դերը Հայաստանի մէջ հանրային քաղաքականութեան օրակարգի ձեւաւորման եւ հաշուետու կառավարում ապահովելու մէջ» թեմայով հանրային քննարկման ժամանակ ըսած է Կիւմրիի Լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի նախագահ Լեւոն Բարսեղեանը:

«Հայաստանի դէպքում մենք գործ ունենք կոռուպցիայի հետ, այսուհետ այդ բառի փոխարէն ես կ’ասեմ փչացուածութեան հետ: Այսինքն՝ մենք գործ ունենք համակարգային փչացուածութեան հետ: Իշխանութիւնը մեր միջոցներն օգտագործում է մեր դէմ՝ իշխանութիւնը պահելու կամ վերարտադրուելու համար: Եթէ սա քաղհասարակութեան ներկայացուցիչն ի գիտութիւն է ընդունում, ուրեմն պէտք է իր գործիքակազմն ընտրի ըստ այդմ: Ես չեմ կարող օրերով ու տարիներով նստել, բանակցել ու երկխօսել իշխանութեան հետ, վերջում մեզ ասեն՝ ցտեսութիւն, շնորհակալութիւն»,- ըսած է  Բարսեղեան:

Անոր համաձայն, քաղաքացիական հասարակութեան ընելիքը պէտք է ըլլայ այն, որ հասարակութեան գիտակցութեան մէջ խոր նստեցնէ այն գաղափարը, որ իշխանութիւնը սեփական միջոցներ չունի եւ միշտ կ’օգտագործէ հանրութեան միջոցները: Պէտք է նաեւ զարգացնել եւ ամրապնդել հետաքննական ու վերահսկողութեան գործիքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment