Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատասխանատութենէ Խուսափողները

Պատասխանատութենէ Խուսափողները

by MassisPost

Ելոյթ ունենալով տեղական ինքնակառավարման  մարմիններու մէկ ժողովին առջեւ, Հայաստանի նախագահ  Սերժ Սարգսեան արտայայտած է  միտքեր ու արտասանած` խօսքեր, որոնք  յստակօրէն կը հակասեն զիրար:

Աղքատներու  մասին խօսելով նախագահը ըսած է թէ, անոնք որոնք առաւօտէն մինչեւ երեկոյ պատրաստ չեն աշխատելու, դատապարտուած են  վատ   ապրելու   ու  պիտի թուայ իրենց, որ ամբողջ Հայաստանի մէջ բոլորը գող  են:

Նոյն  ելոյթին  մէջ  Սարգսեան խօսքը այս անգամ ուղղելով համայնքապետերուն  ըսած է-. «Շատ համայնքապետեր չարաշահում  են իրենց պաշտօնը եւ այն օգտագործում են անհասկանալի եւ անընդունելի եկամուտներ ունենալու համար…     ձեզնից ոմանք մեր բնակչութեան  փողերը տանում իրենց տուն»:

Նոյն պահուն նման երկու հակասական  միտքեր արտայայտելը  բաւական տարօրինակ է Սերժ Սարգսեանի նման քաղաքական գործիչի մը համար, որ ընդհանրապէս շատ զգոյշ  է իր արտասանած խօսքերուն մէջ:

Եթէ  պաշտօնեաները պիտի մեղադրուին ժողովուրդի փողերը գողնալու մէջ, ապա կարելի չէ դառնալ  եւ մեղադրել անոնց, որոնք  կը դժգոհին այդ իրավիճակէն: Բնակչութեան  փողերը իրենց տուները  տանողներն  են, որոնք նոյն այդ ժողովուրդը կը մատնեն աղքատութեան:

Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ զգալիօրէն կը բարձրանան   տարրական սնունդի անհրաժեշտ` պանիրի, հաւկիթի եւ այլ ապրանքներու   գիները, բողոքի ալիք բարձրացնելով բոլորի մօտ: Ի պատասխան բողոքողներուն Ազգային Ժողովի   ընկերային  եւ առողջապահական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յակոբ Յակոբեան յայտարարեց, որ գիներու աճը չազդեր աղքատներուն քանի որ, անոնք այսպէս կամ այնպէս գումարը չունին այդ ապրանքները գնելու եւ ուրիշ միջոցներ կը գտնեն սնունդ ստանալու համար: Ժողովուրդը արհամարհող երկրորդ միտքը կը պատկանէր Ազգային Ժողովի Հանրապետական անդամ Խոսրով Յարութիւնեանին, որ  օգնութեան հասնելու համար իր գործընկերոջ,  խորհրդարանէն ներս յայտարարեց, որ աղքատները կը սնանին գետնախնձոր (գարտոֆիլ) ուտելով:

Այս բոլորը դարձեալ կու գան հաստատելու, որ հայաստանի իշխող   դասակարգը կը խուսափի պատասխանատութենէ  եւ մտադրութիւնը չունին տեսանելի ապագային հիմնական փոփոխութեան ենթարկելու իր  վարած տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւնը:

«ՄԱՍԻՍ»  

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment