Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսական Հեռուստատեսութեամբ Կը Քննարկեն Հայաստանի ու Եւրոմիութեան Միջեւ Համաձայնագիրը

Ռուսական Հեռուստատեսութեամբ Կը Քննարկեն Հայաստանի ու Եւրոմիութեան Միջեւ Համաձայնագիրը

by MassisPost

Ռուսական ՆՏՎ հեռուստաընկերութեան 28  Նոյեմբերի «Հանդիպման վայրը» հաղորդումը նուիրուած էր Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրման: Հարկ է նշել, որ թէ հաղորդավարները, թէ բանախօսները ողջ հանդիպման ընթացքին փաստաթուղթը անուանած են ասոցացման  համաձայնագիր:

Հայազգի փորձագէտ Գէորգ Միրզայեան նշած է, որ Հայաստանը տնտեսութեան, անվտանգութեան ոլորտին մէջ ամբողջութեամբ կախուած է Ռուսաստանէն եւ այդպիսի կախուածութիւնը լարուածութիւն կ’առաջացնէ: Այդ ֆոնին Հայաստանի մէջ հոգեբանական բացասական մթնոլորտ կը ստեղծուի: Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչու Եւրոպային պէտք է այդ համաձայնագիրը, ան նշած է, որ Եւրոպան կ’ուզէ ամբողջ յետխորհրդային տարածքը քաշել Ռուսաստանէն:

Քաղաքագէտ Օլեկ Պարապանովի խօսքով, Հայաստանը Եւրոպային ընդհանրապէս պէտք չէ: «Նպատակն է սեպ խրել Եւրասիական միութեան մէջ: Եւրոպան հասկնալի է, մեզի միշտ վատութիւն ըրած է ու պիտի ընէ, հարցը Հայաստանին պէտք է տալ», – ըսած է ան: Ան նշած է, որ Հայաստանը թրոյական ձի պիտի դառնայ Եւրասիական միութեան մէջ: «Երբ Հայաստանը մտաւ ԵՏՄ, Հայաստանի նախագահը մեկնեց Չինաստան եւ ըսաւ՝ կրնաք ձեր ապրանքները Հայաստանով բերել ԵՏՄ», – ըսած է Պարապանով:

Քաղաքագէտ Սերկէյ Մարքովի խօսքով, Եւրոմիութիւնը կ’ուզէ ոչնչացնել ԵՏՄ-ն: Անոր կարծիքով, այս փաստաթուղթը կը վատթարացնէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները: Ըստ Մարքովի՝ Հայաստանը պահանջներ ունի Ռուսաստանին, Ռուսաստանէն աւելի շատ փող կ’ուզէ: «Մենք բախում ունինք Նժդեհի հարցով: Ան Ատոլֆի Հիթլերի զինակիցն էր, որուն յուշարձաններ կը կանգնեցուին այնտեղ եւ անոր ազգային հերոս կը կոչեն», – ըսած է Մարքով՝ Հայաստանին մեղադրելով Ռուսաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերու մէջ, որ «ռուսական հեռուստաընկերութիւնները չըսեն, որ Նժդեհը նացիստական յանցագործ է»: Մարքով նշած է, որ Հայստան-ԵՄ փաստաթուղթի ստորագրումը Ռուսաստանի պարտութիւն է, Ռուսաստանի վրայ յարձակման նախապատրաստութիւն:

Հաղորդման ժամանակ հաղորդավարը նշած է, որ Եւրոմիութիւնը Հայաստանի վրայ մշտապէս ճնշում կը գործադրէ, պահանջելով զօրքերը դուրս բերել Ղարաբաղէն: Անոր խօսքով, Հայաստանը պահանջած է, որ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ամփոփիչ հռչակագրին մէջ ընդգծուի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը, սակայն այդ մէկը չէ եղած, այլ միայն տարածքային ամբողջականութիւնը նշուած է:

Հաղորդման շարք մը մասնակիցներ տգեղ համեմատութիւններ ըրած են, Ռուսաստանը՝ ամուսինի, իսկ Հայաստանը՝ կնոջ դերի մէջ դիտել տալով, որ ամուսինէն զարդեր եւ այլ նուէրներ կը պահանջէ, իսկ Եւրոմիութիւնն ալ երիտասարդ սիրեկանն է:

Հաղորդման ընթացքին Հայաստանին նուիրուած հատուածը աւարտելով՝ հաղորդավարը նշած է, որ կ’անցնին Ռուսաստանի միւս «ման եկող կնոջ»՝ Պելառուսին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment