Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փարիզի Դատարանը Մերժած է Թորանեանի եւ Թիլպեանի Դէմ Ներկայացուած Յայցը

Փարիզի Դատարանը Մերժած է Թորանեանի եւ Թիլպեանի Դէմ Ներկայացուած Յայցը

by MassisPost

Փարիզի 17-րդ դատարանը չեղեալ յայտարարած է «Լէ նուվել տ՛Արմենի» հանդէսի կայքէջի տնօրէն Արա Թորանեանի եւ անոր գործակից Սամ Թիլպեանի դէմ պատմաբան Մաքսիմ Կոնի կողմէ ներկայացուած բողոքը: Թրքական հետազօտական հաստատութեան մը կողմէ ֆինանսաւորուող այդ հետազօտողը ասկէ մէկ ամիս առաջ ներկայացուցած բողոքին մէջ Արա Թորանեանին եւ Սամ Թիլպեանին մեղադրած է իրեն զրպարտելու եւ անուանարկելու մէջ:

Մի քանի տարի առաջ հրապարակած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ Արա Թորանեան Մաքսիմ Կոնին համեմատած էր հրէական ցեղասպանութիւնը ժխտող Ռոպեր Ֆորիսոնի հետ, իսկ Սամ Թիլպեանը Կոնին անուանած էր «թրքական ֆաշիզմի ծառայ»: Դատարանը համարած է, որ այդ խօսքերն ու որակումները հնչեցուած են խորհրդատուութեան ծիրէն ներս, եւ որ Մաքսիմ Կոնի ներկայացուցած մեղադրանքները անհիմն են:

Ինչ կը վերաբերի երկու ֆրանսահայ երիտասարդներուն, որոնք կարմիր գոյնով ներկուած ջուր լեցուցած էին Թուրքիոյ դեսպանին վրայ, դատարանը այդ արարքի համար անոնց բաւականաչափ մեղմ պատիժ սահմանած է, մինչդեռ հայցուոր կողմը կը պահանջէր վերջիններուս մի քանի ամիսով ազատազրկել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment