Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քաղաքական Իրողութիւնները Անհրաժեշտութիւն Դարձուցած են ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագրի Ստորագրումը. Արարատ Միրզոյեան

Քաղաքական Իրողութիւնները Անհրաժեշտութիւն Դարձուցած են ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագրի Ստորագրումը. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արարատ Միրզոյեան Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումը դիւանագիտական յաղթանակ չի համարեր: Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ յաղթանակ ու յաջողութիւն կ’ըլլար այն ժամանակ, եթէ ստորագրուէր ՀՀ-ԵՄ ասոցացման (դաշնակցութեան) համաձայնագիրը:

«Այս համաձայնագիրը պարզապէս թարմացնում է այն իրաւական պազան, որը ՀՀ-ն Եւրոպայի հետ ունէր տարիներ ու վեր: Վերջին պայմանագիրը եղել էր 90-ականների կէսին կամ վերջին, դրանից յետյ յարաբերութիւնները բաւականին զարգացել էին: Այս համաձայնագիրը զուտ եղած հիմքերի ամրագրումն է, շատ առաջ նայող համաձայնագիր չէ»,- ըսած է ան:

Միրզոյեանի խօսքով, ներկայիս քաղաքական իրողութիւնները առնուազն անհրաժեշտութիւն դարձուցած էին ԵՄ-ի հետ այս համաձայնագրի ստորագրումը: Ինչ կը վերաբերի համաձայնագրի իրացման, Միրզոյեան նշած է, որ դրութիւնը այնպիսին է, որ եթէ իշխանութիւնը քաղաքական կամք չդրսեւորէ այդ պարտաւորութիւնները կեանքի կոչելու համար, ապա այդ համաձայնագիրը ի չիք կը դառնայ:

«Եւրոպական կառոյցների աշխատանքի փորձը ցոյց է տալիս, որ եթէ պահանջներ են դրւում, ապա ստեղծւում են զանազան յանձնաժողովներ, որոնք նորմալ մոնիթորինկ են անում եւ ռեֆորմներ լինում են: Եկէք փաստենք, որ մեր երկիրը շատ հարցերում այնպիսին չէ, ինչպիսին 20 տարի առաջ էր, սա նաեւ ստանձնած պարտաւորութիւնների արդիւնք է։ Ուզեն, թէ չուզեն համաշխարհային շուկայի  հետ աշխատելու, ինթեկրվելու համար պէտք է ռեֆորմների գնան»,- նշած է Արարատ Միրզոյեանը:

Միաժամանակ պատգամաւորը կը կարծէ, որ իշխանութիւնը մեծ հաշուով չի փոխեր իր գործելաոճը: Արարատ Միրզոյեանի գնահատմամբ՝ իշխանութիւնները յետագային ալ ամէն ինչ պիտի ընեն ընտրութիւններու ժամանակ իրենց քուէն ապահովելու համար. «Հիմա իշխանութեան ձեռքերն, այսպէս ասած, այնպէս ազատ չեն, ինչպէս նախկինում, բայց յանուն արդարութեան պէտք է նշել, որ իրենք միշտ շրջանցելու ձեւը գտնում են,  օրինակ՝ այն Ժամանակ լցոնում էին անուն, հիմա դրսում կաշառում են»,- շարունակած է Միրզոյեան:

Արարատ Միրզոյեանը համակարծիք չէ այն տեսակէտի հետ, թէ ՀՀ-ն յաջողած է «ե՛ւ, ե՛ւ»-ի քաղաքականութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ խոստովանած է, որ ԵՄ-ն որոշակիօրէն փոխած է պահանջներն ու մօտեցումները:

«Անշուշտ պահանջների որոշակի դիւրացում կայ, գուցէ դրութեան մէջ մտնելու քոնսեփթ կայ: Իսկ ով ասաց, որ Եւրոպան անթերի է, մեզ մօտ ընտրութիւնները կեղծւում էին, բայց իրենք ասում էին մի քայլ առաջ է: Ոչինչ էլ միանշանակ չէ, քանի որ ԵՄ էլ ունի իր քաղաքական ու  տնտեսական շահը, եւ այս ամէնից ելնելով է քայլ արել»,- ընդգծած է Արարատ Միրզոյեանը:

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորը, խօսելով համաձայնագրով առաջ քաշուած պահանջներու կատարման մասին, ըսած է, որ որոշ դրոյթներ կը կատարուին` անկախ անկէ, թէ իշխանութիւնները ինչ կարծիք ունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment