Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եոհաննէս Հաան. Ձեր Կայունութիւնը Աւելի Ապահով կը Դարձնէ ԵՄ-ն

Եոհաննէս Հաան. Ձեր Կայունութիւնը Աւելի Ապահով կը Դարձնէ ԵՄ-ն

by MassisPost

Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հաան երէկ Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին անդրադառնալով 24 նոյեմբերին կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին՝ պատասխանած է քանի մը հարցերու, որոնք կը վերաբերէին ընդունուելիք հռչակագիրին:

«Առաւօտը» հետաքրքրուած է, թէ ինչ վերջնական ձեւակերպում եղած է ԱլԳ գագաթնաժողովի հռչակագիրին մէջ հակամարտութիւններու վերաբերեալ. հաշուի առնելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տարբեր դիրքորոշումներ ունէին անոր վերաբերեալ՝ արդեօք յաջողուած է փոխզիջում է գտնել: Այլ երկու հարցեր եւս եղած են փաստաթուղթի բովանդակութեան վերաբերեալ, մասնաւորապէս՝ վրացի լրագրողներէն մէկը հետաքրքրուած է, թէ հռչակագիրի մէջ ինչ ձեւակերպումներ գործածուած են Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի վերաբերեալ: Եւ քանի որ Եոհաննէս Հաանը հարցերուն կ’անդրադառնար խմբային եղանակով, երեք-չորս հարց հնչելէ ետք միասնական մէլ պատասխանով, այս բոլոր հարցադրումներուն մէկ ընդհանրական պատասխան տուած է. «Նման գագաթնաժողովներու բնոյթն է, որ հռչակագիրը կը բանակցուի ընդհուպ մինչեւ վերջին պահը: Բայց ես որոշ նշաններ կը տեսնեմ, որ մենք համաձայնութեան կը հասնինք: Ու ես շատ վստահ եմ, որ վաղը կէսօրին մենք կը վաւերացնենք համաձայնագիրը, որ, իհարկէ, ոչ բոլորին հարիւր տոկոսով կ’երջանկացնէ, բայց սա նաեւ նման համաձայնագրերու բնոյթն է՝ կ’անդրադառնայ 34 երկիրներու շահերուն»: Սա ընդգծած է, թէ խօսքը ոչ միայն ԱլԳ անդամ վեց երկիրներու շահերու եւ հետաքրքրութիւններու մասին է, այլ նաեւ ԵՄ անդամ 28 պետութիւններու:

«Նրանք տարբեր դիրքորոշումներ ունին, ուստի դիւանագէտներու հմտութիւններու խնդիրն է լուծումներ գտնելը,- ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատարը:- Ես համոզուած եմ, որ հռչակագիրը կ’ըլլայ եւ անդրադարձ կ’ըլլայ այն խնդիրներուն, որոնք արծարծեցիք»:

Եոհաննէս Հաան աւելի ուշ աւելցուցած է նաեւ, թէ ձգտելով օգնել հարեւան երկիրներուն լուծել իրենց խնդիրները՝ իրենք կը հետապնդեն նաեւ «եսասիրական նպատակներ», քանի որ ըստ անոր՝ «անոնց քաղաքական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը մեզ առաւել ապահովութիւն կը հաղորդէ: Եւ ի վերջոյ, ձեր այս բոլոր երկիրները նաեւ ուժանիւթի շուկաներ են: Ըստ այդմ՝ եւրոպական հեռանկարներու առումով՝ անոնք բոլորը շատ հրապուրիչ են, քանի որ դեռ շատ չիրացուած ներուժ կայ: Ըստ այդմ՝ շատ են հիմնաւոր պատճառները խոր եւ երկարատեւ համագործակցութեան համար»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment