Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է Պելճիքայի Թագաւոր Ֆիլիփի Հետ

ՀՀ Նախագահը Հանդիպած է Պելճիքայի Թագաւոր Ֆիլիփի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որն աշխատանքային այցով  կը գտնուէր Պրիւքսէլ, Նոյեմբեր 23-ին հանդիպած է Պելճիքայի թագաւոր Ֆիլիփի հետ:

Հանդիպման լուսանկարները հրապարակուած են Պելճիքայի միապետութեան  Facebook-ի պաշտօնական էջին:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, Սերժ Սարգսեանը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ այս տարիներու ընթացքին երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններուն բնորոշ եղած է փոխադարձ վստահութիւնը, բոլոր հարցերուն մէջ փոխըմբռնման հասնելու եւ իրար սատարելու ցանկութիւնը, ինչը, Նախագահի համոզմամբ, մեծապէս պայմանաւորուած է երկու ժողովուրդներու պատմական անցեալով։ Նախագահը նշած է, որ Պելճիքան Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ հարթակներու վրայ, մասնաւորապէս` ԵՄ-եան մէջ։

Այս բովանդակութեան մէջ Նախագահ Սարգսեան եւ Պելճիքայի Թագաւոր Ֆիլիփ անդրադարձած են ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսէլեան գագաթնաժողովին քննարկուելիք հարցերու օրակարգին, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին, նաեւ ԵՄ աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ մինչ այժմ իրականացուած եւ ընթացող բարեփոխումներուն, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած` Հայաստանի եւ ԵՄ յարաբերութիւններու նոր շրջանակային փաստաթուղթին` Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին։

Նկատի առնելով, որ Պելճիքան ԵՄ-եան մէջ Հայաստանի առաջատար առեւտրային գործընկերներէն մէկն է, երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւններէն բացի կողմերը քննարկած են նաեւ հայ-պելճիքական առեւտրատնտեսական կապերու յետագայ խորացման հնարաւորութիւնները:

Հանդիպման ժամանակ Հանրապետութեան Նախագահը հայ ժողովուրդի անունով երախտագիտութիւն յայտնած է Պելճիքային` ինչպէս Ներկայացուցիչներու պալատի, այնպէս ալ Սենաթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման համար:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պելճիքա կը գտնուի աշխատանքային այցով, ուր ան պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան եւ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան  գագաթնաժողովներուն, որոնք տեղի կ’ունենան Պրիւքսէլի մէջ, 23-24 Նոյեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment