Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՆԱԹՕ-ն Հայաստանին ու Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Շարունակել Բանակցութիւնները

ՆԱԹՕ-ն Հայաստանին ու Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Շարունակել Բանակցութիւնները

by MassisPost

Երէկ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպըրկ ընդգծած է, որ ղաաբաղեան հակամարտութիւնը չի կրնար ռազմական ճանապարհով կարգաւորուիլ․ – «Այսօր մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի չկարգաւորուած հակամարտութիւնը մտահոգութեան առիթ է: Յստակ է, որ այստեղ ռազմական լուծում չի կրնար ըլլալ: ՆԱԹՕ-ն այս հարցին մէջ ուղիղ դերակատարութիւն չունի, մենք կ’աջակցինք ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, եւ ես ուրախ եմ լսել, որ դուք վերսկսած էք բանակցութիւնները Հայաստանի նախագահի հետ: Մենք կը քաջալերենք ձեզ շարունակել բանակցային կարգաւորման այդ ճանապարհն ու խուսափիլ իրավիճակի նոր սրացումներէն»:

Ատրպէյճանի նախագահը շրջանցած է բանակցութիւններու շարունակման ու հրադադարի պահպանման յորդորները՝ վերստին պնդելով, թէ խնդրի կարգաւորումը կը ձգձգուի հայկական կողմի պատճառով․ – «Տարածաշրջանի անվտանգութեան սպառնացող ամենամեծ վտանգը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ չկարգաւորուած հակամարտութիւնն է: Տարիներ շարունակ մեր տարածքները կը գտնուին հայերու բռնագրաւման տակ: Աւելի քան մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներ դարձած են փախստական ու բռնի տեղահանուած, անոնց դէմ ցեղային զտումներ իրականացուած են: Եւ այդ իրավիճակը չի փոխուիր»:

Հանդիպումէն երք ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս հրաւիրուած Սթոլթընպըրկի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ Ալիեւ կրկին յիշեցուցած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ ընդունուած բանաձեւերն ու պնդած, թէ հայկական կողմը պէտք է հետեւի անոնց ու անյապաղ, առանց նախապայմաններու դուրս բերէ ուժերը գրաւեալ տարածքներէն․ – «Խնդիրը պէտք է կարգաւորուի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի այդ բանաձեւերու եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ողջ աշխարհն կը ճանչնայ»:

Ատրպէյճանի նախագահը երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է ՆԱԹՕ-ի խորհուրդի նիստին:

Ղարաբաղեան խնդիրէն բացի կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմ համագործակցութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment