Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հնչակեան Կուսակցութեան Հանդիպումը Արայիկ Յարութիւնեանի Հետ

Հնչակեան Կուսակցութեան Հանդիպումը Արայիկ Յարութիւնեանի Հետ

by MassisPost

Մասնակցելու համար Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան թելեթոնին, Հարաւային Քալիֆորնիա  ժամանած է Արցախի պետական նախարար (վարչապետ) Արայիկ Յարութիւնեանը: Այս առթիւ, ան Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ շարք մը հանդիպումներ կ’ունենայ համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր  20-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Պր. Յարութիւնեանին, որու հետ ունեցաւ շահեկան զրոյց հայութիւնը  յուզող ազգային տարբեր հարցերու շուրջ:

Արցախի Թեմի առաջնորդ   Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Ռոբերդ Աւետիսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Արայիկ Յարութիւնեան մանրամասն ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը զինուորական,  ընկերային եւ տնտեսական գետի վրայ, հաւաստիացնելով որ մեր բանակը պատրաստ է դիմագրաւելու բոլոր իրավիճակները, իսկ ժողովուրդը կը շարունակէ կառչած մնալ իր հայրենի հողին:

Հնչակեան ներկայացուցիչները վերահաստատեցին Կուսակցութեան զօրակցութիւնն ու նուիրումը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան ու անոր ժողովուրդի բարօրութեան գործին: Անոնք  յայտնեցին որ Հայոց Բանակը եւ Արցախը կարմիր գիծ են Կուսակցութեան համար եւ վեր են քաղաքական տարակարծութիւններէ:

Այս առթիւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում արտասահմանի մէջ Արցախի ի նպաստ տարուելիք աշխատանքներու, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի եւ այլ հարցերու շուրջ:

ՍԴՀԿ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Գրիգոր Խոտանեան, Վարդան Քորողլեան, Կարինէ Տէփոեան եւ  Միհրան Խաչատուրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment