Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փարիզի մէջ Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Միջեւ Արտակարգ Իրավիճակներու Բնագաւառի մէջ Համագործակցութեան Ընդլայնման Հարցեր

Փարիզի մէջ Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Միջեւ Արտակարգ Իրավիճակներու Բնագաւառի մէջ Համագործակցութեան Ընդլայնման Հարցեր

by MassisPost

21 Նոյեմբերէն Ֆրանսայի մէջ գտնուող Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տոնոյեան հանդիպումներ ունեցած է Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարար Ժերար Քոլոնի, Ֆրանսայի ՆԳՆ Քաղաքացիական անվտանգութեան եւ ճգնաժամերու կառավարման կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն Ժաք Վիթքովսկիի եւ «Մեթիօ-Ֆրանս» պետական կազմակերպութեան տնօրէն Ժան-Մարք Լաքաւի հետ:

Ըստ ԱԻՆ հաղորդագրութեան, հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ արտակարգ իրավիճակներու բնագաւառէն ներս համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման նոր հնարաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ 15 Մայիս 2014-ին ՀՀ ԱԻՆ եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան ՆԳՆ միջեւ ստորագրուած Մտադրութիւններու նամակին մէջ սահմանուած ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան եւ աշխատանքներու աշխուժացումը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է  համագործակցիլ լեռնային պայմաններուն մէջ փրկարարական աշխատանքներու, անտառապատ տարածքներուն մէջ հրդեհաշիջման աշխատանքներու իրականացման գործընթացին մէջ անձնակազմի հմտութիւններու զարգացման նպատակով վերապատրաստման եւ փորձի փոխանակման շրջանակներէն ներս:

Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են նաեւ իրականացնել փորձի փոխանակում կամաւորական փրկարարական շարժման յետագայ զարգացման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ամրապնդել համագործակցային կապերը ՀՀ ԱԻՆ հոգեբանական աջակցութեան բաժնի եւ Աղէտներու բժշկութեան կեդրոնի հետ՝ մասնագիտական վերապատրաստումներու, խորհրդաժողովներու, տեսախորհրդաժողովներու, սեմինարներու, գիտաժողովներու եւ հետազօտական աշխատանքներու կազմակերպման, իրականացման, փոխայցելութուններու միջոցաւ:

«Մեթիօ-Ֆրանս» պետական կազմակերպութեան տնօրէն Ժան-Մարք Լաքաւի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Մեթիօ-Ֆրանս»-ի առաջադէմ փորձի կիրառութեան հնարաւորութիւնները ՀՀ ԱԻՆ Հրտրոմեթ (ջրային) ծառայութեան արդիականացման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ծառայութեան անձնակազմի մասնագիտական վերապատրաստման հնարաւորութիւնները:

Յիշեցնենք, որ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ԱԻ նախարարը այցելած է նաեւ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Milipol Paris» 20-րդ ցուցահանդէսը, որ առաջին համաշխարհային ցուցահանդէս-սրահն է եւ նուիրուած է անվտանգութեան ու նորարարութիւններուն: Ցուցահանդէսին կ’առաջարկուին նորագոյն թեխնոլոկիաներ եւ ծառայութիւններ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ. ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքար, սահմաններու վերահսկողութիւն, կարեւորագոյն ենթակառուցուածքներու պաշտպանութիւն, քաղաքային անվտանգութիւն, վտանգներու կառավարման վերլուծութիւն եւ համացանցային անվտանգութիւն եւ այլն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment