Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Տաշիր Կրուփ»-ը Յառաջիկայ Տարիներուն Հայաստանի մէջ 1 Միլիառ Տոլարի Ներդրում

«Տաշիր Կրուփ»-ը Յառաջիկայ Տարիներուն Հայաստանի մէջ 1 Միլիառ Տոլարի Ներդրում

by MassisPost

Ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը Հայաստանի ներդրողներու ակումբի եւ միջազգային ֆինանսական հիմնարկներու հետ համատեղ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարիներու ընթացքին մօտ 1 միլիառ տոլարի ներդրում կատարել Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Այդ մասին յայտարարուած է երէկ «Ռետիսըն Պլու» հիւրանոցէն ներս, «Տաշիր»-ի ներդրումային ծրագիրի ներկայացման ժամանակ, որուն ներկայ գտնուած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Միջոցառման ժամանակ հանգամանօրէն ներկայացուած են, թէ ինչ միջոցներու հաշւոյն եւ ինչպէս պիտի իրականացուի վերոնշեալ ներդրումային ծրագիրը ու որքանով այն իրատեսական է:

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ «Տաշիր»-ի գործընկեր միջազգային ֆինանսական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ծրագրի ներկայացման աւարտին տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն «Տաշիր» ընկերութեան, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԷՑ) ընկերութեան եւ ֆինանսական գործընկերներու միջեւ:

Յիշեցնենք, որ ՀԷՑ-ը կը պատկանի ռուսաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր կրուփ»-ին:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ Սերժ Սարգսեան երէկ նաեւ Հայաստանի ազգային բազմարուեստեան (փոլիթեխնիքական) համալսարանէն ներս ներկայ գտնուած է աշխարհահռչակ ֆրանսական «Շնայտըր ելեքթրիք» ընկերութեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի եւ Հայաստանի ազգային բազմարուեստեան համալսարանի ներդրմամբ ստեղծուած «Քասքատ էներկօ-Տաշիր-ՀԱՊՀ» գերազանցութեան կեդրոնի բացման արարողութեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի, համալսարանի տնօրէնի, «Տաշիր»-ի նախագահի, «Հայաստանի Ելեկտրական ցանցեր», ինչպէս նաեւ «Քասքատ-էներկօ» ընկերութիւններու ղեկավարներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած է նորաբաց  կեդրոնին  մէջ:

Նախագահը Երեւանի քաղաքապետի, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի, այլ պաշտօնատար անձանց ու հիւրերու հետ Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ ներկայ գտնուած է «Տաշիր»-ի մէկ այլ ձեռնարկի՝ ռուսաստանեան խոշորագոյն «Ռիօ» ցանցի մաս կազմող «Ռիօ մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնի բացման արարողութեան: Ծրագրի արժէքը կազմած է շուրջ 40 միլիոն տոլար: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ, «Ռիօ»-ի բացմամբ պիտի ապահովուի շուրջ 500 նոր աշխատատեղ, ըսուած է նախագահականի հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment